Շաբաթ 18, Ապրիլ 2026
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ՋԵՐՄՕՐԷՆ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԵՑԱՒ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ նախընթաց օր հիւրընկալուեցաւ՝ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ վերջին օրերուն այցելեց քաղաքս։ Հրայր Ճէպէճեան դպրոցին մէջ ծանօթացուց «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ը, որու շնորհանդէսին առթիւ եկած էր քաղաքս։ Ներկայ էին նաեւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւ դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուներէն Արթօ Հորոզօղլու։ Ճէպէճեանին ընկերացաւ Սուրբգրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղէն Թամար Քարասու։
Միւս կողմէ, Հրայր Ճէպէճեան Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ ալ մէկտեղուեցաւ թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ՝ նոյնպէս ծանօթացնելով «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ը։ (Լուսանկարները՝ դպրոցներէն)

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026