ԳԱՆԱՏԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գանատայի խորհրդարանի երեսփոխաններէն Կարնըտ Ճինիըսը։ Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ վեհաժողովին առթիւ Իսթանպուլ եկած է Կարնըտ Ճինիըս եւ իր կեցութեան առիթէն օգտուելով փափաքած է այցելել Պատրիարքարան։

Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը հիւր երեսփոխանին բացատրութիւններ տուաւ՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան, գործունէութեան, որպէս Նուիրապետական Աթոռ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջին մէջ զբաղեցուցած դիրքին, ինչպէս նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։ Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց հիւր երեսփոխանին այցելութեան եւ անոր հետ ծանօթանալու առիթին համար։ (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026