«ՕՐԹԱՔԵԱՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵԼՈՅԹԸ՝ Ի ՆՊԱՍՏ «ՅՈՅՍ» ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Պոլսահայ գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ շաբաթավերջին իսկական վայելք մը եղաւ՝ Հայաստանէն «Օրթաքեան» պարախումբի հիւրընկալումը: Ներկայ ամառնամուտին, այս խումբին ելոյթը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց՝ մինչ համայնքային կեանքէ ներս ձեռնարկները հետզհետէ թափ կը ստանան: Շաբաթ երեկոյեան, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օրթաքեան» պարախումբին ելոյթը՝ ի նպաստ «Յոյս» միութեան: Ինչպէս ծանօթ է, նորաստեղծ այս միութիւնը համայնքէն ներս հետամուտ է՝ յատուկ խնամքի կարօտ երիտասարդներու կամ պատանիներու, մանուկներու խնամքին: Երեկոյթը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Տ. Շահէն քահանայ Օհանեան եւ Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեան: 

Սրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր եւ ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ ներկաները ողջունեց «Յոյս» միութեան վարչութեան ատենապետ Լեւոն Եըլտըրըմեան: Ապա յայտագրի գործադրութիւնը սկսաւ՝ հանդիսավարութեամբ Այլին Մանուկեանի եւ Սեւան Չաթաքի: 

«Օրթաքեան» պարախումբը Էջմիածին քաղաքի համանուն պարի դպրոցի կազմն է: Տասնհինգ տարի առաջ ստեղծուած է այս պարի դպրոցը, որ ներկայիս յոբելենական շրջան մը թեւակոխած է: Դպրոցի հիմնադիրը Պետրոս Օրթաքեան, միեւնոյն ժամանակ, պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է: «Օրթաքեան» պարախումբի ելոյթին ժամանակ այնքան ոգեւորիչ ձեւով ներկայացուեցան հայկական ժողովրդական պարարուեստն ու երաժշտութիւնը: Մինչ այդ, յայտագրի տեւողութեան, զանազան պարերէն վերջ ներկայացուեցան նաեւ մեներգներ, որոնք տարբեր խորք մը տուին այս յայտագրին: 

Եզրափակիչ փուլին, ծափահարութիւններու տարափին մէջ յանձնուեցան յուշանուէրներ՝ մինչ հանդիսատեսները բուռն ձեւով արտայայտեցին իրենց համակրանքն ու գնահատանքը արուեստագէտներուն նկատմամբ: Հուսկ բանքին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ բարձր գնահատեց արձանագրուած յաջողութիւնը եւ ընդգծեց, որ Հայաստանէն ժամանած երիտասարդ արուեստագէտները յաջողած էին գրաւել պոլսահայ գեղարուեստասէրներու սրտերը:

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026