ԼԱՅՆ ՏԵՍԱԴԱՇՏՈՎ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Շաբաթավերջին, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած քննարկում մը առիթ հանդիսացաւ՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ օրակարգի հերթական անգամ ծաւալուն ձեւով գնահատման։ Այսպէս, «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ՝ «1863-ի Հայոց ազգային սահմանադրութեան հետքերն ու փոքրամասնութիւններու կազմակերպումը» խորագրեալ ասուլիսը։ Շահեկան զեկուցումներով հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որ ծաւալուն քննարկման հարթակի մը վերածուեցաւ։ Լայն տեսադաշտով արժեւորում մը կատարուեցաւ համայնքային օրակարգի հրատապ հարցերուն՝ մասնաւորապէս Պատրիարքական Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակէ զուրկ ըլլալու խնդրին շուրջ։ Բուռն քննարկումներու մթնոլորտին մէջ ի յայտ եկաւ, որ այս խնդիրը որքան այժմէական է եւ համայնքէն ներս համատարած զգայնութեան առարկայ կը դառնայ։
Ասուլիսը վարեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի անդամներէն իրաւաբան Առէն Տատըրօղլու։ Ատենախօսներն էին պատմաբան տքթ. Այլին Գօչունեան եւ իրաւաբան Սեդրակ Տավութհան։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան, Յունաց Պատրիարքարանէն մետրապոլիտ Եոախին, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը, Թուրքիոյ այլ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու կողմէ ներկայացուցիչներ, փոքրամասնութիւններու խնդիրներու հետամուտ իրաւաբաններ եւ համայնքէն հետաքրքիրներ։ Ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ եւ գործակից ընկերները։
Հաւաքոյթը սկսաւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենադպիր Ռաֆֆի Սիւզմէի ողջոյնի խօսքով, որմէ վերջ Առէն Տատըրօղլու խօսեցաւ ներածական մը։ Երկու ատենախօսներն ալ իսկապէս շահեկան, մասնագիտական մակարդակով զեկուցումներ ներկայացուցին։ Այլին Գօչունեան Ազգային սահմանադրութիւնը եւ Օսմանեան շրջանի միւս ոչ-իսլամ հաւաքականութիւններու սահմանադրութիւնները մեկնաբանեց բազմակողմանի եւ համեմատական համայնապատկերի մը վրայ։ Ան պատմական բեկումնային պահերու հանգամանքները մատնանշեց եւ արդի ժամանակաշրջանի ուշագրաւ զուգահեռականներով հանդէս եկաւ։ Օսմանեան շրջանի «միլլէթ»ներու համակարգին շուրջ բացատրութիւններ տալէ վերջ՝ ան դիտել տուաւ, որ Խրիմի պատերազմով յաջորդած իրադրութեան մէջ Օսմանեան պետութիւնը յարմար դատած էր ներքին կարգադրութիւններով սահմանել ոչ-իսլամներու կարգավիճակը՝ խուսափելու համար ժամանակաշրջանի այլ գերտէրութիւններու հետ երկկողմանի համաձայնութիւններէ երթալու։ Ազգային սահմանադրութեան հռչակուած շրջանին նման կարգադրութիւնները միջազգային բեմահարթակի վրայ քաղաքավարութեան չափանիշ մը կը համարուէին եւ առանց լարուածութեան հասարակութիւններ կերտելու ճանապարհին վրայ լուրջ գործօն։ Այլին Գօչունեան դիտել տուաւ, որ հայերը 1863 թուականի կարգադրութիւնը «Սահմանադրութիւն» որակած են, որպէսզի բառապաշարի հարթութեան վրայ նման ուրիշ հաւաքականութիւններէ զանազանուին։ Ան այս կէտին վրայ յիշեցուց, որ յաճախ այդ Ազգային սահմանադրութեան բառապաշարի նախընտրութիւնը կը բացատրուի ժամանակաշրջանի ազգայնական հոսանքներով, սակայն, իրականութեան մէջ խնդիրը կը վերաբերի ինքնուրոյնութեան պահպանման մղումին։ Այլին Գօչունեան դիտել տուաւ նաեւ, որ Ազգային սահմանադրութեամբ նախատեսուած համակարգը քաղաքականութիւն եւ բարեփոխում արտադրելու հնարաւորութիւն ընձեռած էր եւ ունէր հակակշիռներու դրութիւն մը։ Ուստի, այսօր Թուրքիոյ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու կազմակերպչական խնդիրներուն մասին մտածելու ժամանակ այս սահմանադրութիւնը միշտ կը մնայ ներշնչման աղբիւր։
Հուսկ, Գօչունեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ 2019 թուականին Սահմանադրական ատեանի կողմէ հռչակուած ծանօթ վճռին։ Այլին Գօչունեան դիտել տուաւ, որ այդ դատավճռի հիմնաւորման բաժնին մէջ յղում կատարուած էր Ազգային սահմանադրութեան։ Սակայն, իր խօսքով, այդ հիմնաւորումին մէջ կատարուած յղումն ալ մակերեսայինէն շատ աւելի լուրջ նշանակութիւն ունէր։ Արդարեւ, Օսմանեան շրջանին, Պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուած է Ազգային սահմանադրութեան միայն բուն բաժինը՝ դուրս թողուելով ներածականը։ Իսկ 2019 թուականի Սահմանադրական ատեանի դատավճռի հիմնաւորման բաժնին մէջ յղում կատարուած է նաեւ Ազգային սահմանադրութեան ներածական բաժնին, որ Օսմանեան շրջանին պաշտօնաթերթի բովանդակութեան մաս չէր կազմած։
Իրաւաբան Սեդրակ Տավութհան, որ երկար տարիներու փորձառութիւն մը ունի համայնքային իրաւական խնդիրներու տեսակէտէ, կանգ առաւ Հանրապետական շրջանին ձեւաւորուած նախընթացներուն վրայ։ Ան դիտել տուաւ, որ մինչեւ 1960 թուականը Ազգային սահմանադրութեամբ նախատեսուած համակարգը մասամբ գոյութիւն ունէր, սակայն, աստիճանաբար աշխարհավար համակարգի հաստատմամբ այդ բոլոր աւանդութիւնները արդէն ընդհատուեցան։ Սեդրակ Տավութհան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Քաղաքացիական օրէնսգրքի տրամադրութիւններուն։ Ան նշեց, որ Վաքըֆներու օրէնքի ընդունման շրջանին ալ որդեգրուած միջոցները երկարաժամկէտ ձեւով իրաւունքի կորուստներու գետին պատրաստած էին փոքրամասնական համայնքներուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, փոքրամասնութիւններու բարենպատակ հաստատութիւնները Օսմանեան շրջանին հարիւր տոկոսով վաքըֆի բնոյթ չունէին, սակայն, Հանրապետական շրջանին անոնք ընդգրկուեցան վաքըֆներու համակարգին մէջ, ինչ որ մոլորութիւններու եւ շփոթութիւններու պատճառ դարձաւ։ Հանրապետական շրջանին կեդրոնաձիգ համակարգ մը գոյութիւն չունի փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու կազմակերպման համար՝ հակառակ անոր, որ անոնց բոլորն ալ նոյն հաւաքականութեան կը պատկանին։ Սեդրակ Տավութհան առկայ խնդիրները մեկնաբանեց նաեւ կազմակերպուելու ազատութեան տեսանկիւնէն։ Ան եւս յղում կատարեց 2019 թուականին Սահմանադրական ատեանին կողմէ արձակուած դատավճռին՝ մանաւանդ, որ գործընթացին անձամբ ներգրաւուած էր։ Տավութհան ընդգծեց, որ կրօնի եւ խղճի ազատութիւնը չի բաղկանար միայն պաշտամունքի ազատութենէն։
Հաւասարութեան տեսակէտէ փոքրամասնական համայնքներուն ի վնաս վիճելի կացութիւններ յառաջացած են։ Իրաւաբանը ընդհանուր պատկերը դիտարկեց նաեւ՝ փոքրամասնութիւններու գոյատեւման յարատեւութեան առաջնահերթութիւններուն տեսակէտէ։ Տավութհան համոզուած է, թէ այսօր համայնքային կեանքի խնդիրներու յաղթահարման՝ մասնաւորապէս հակակշռի համակարգ մը ստեղծելու տեսակէտէ անհրաժեշտ են օրէնսդրական նոր կարգադրութիւններ, որոնք կրնան ըլլալ պետութեան, քաղաքական իշխանութիւններու կամքով։
Զեկուցումներէն վերջ հարցում-պատասխանի լայն բաժին մը տեղի ունեցաւ։ Անցեալի կարգերն ու մերօրեայ ժառանգութիւնը նժարի վրայ դրուեցան՝ զեկուցողներու եւ ունկնդիրներու միջեւ ստեղծուած վառ հաղորդակցութեան շնորհիւ։ Հարցում-պատասխանին աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ մասնաւորապէս հետաքրքրուեցաւ 1863-ի Ազգային սահմանադրութեան միջազգային ընկալման հարցերուն հետ։ Այլին Գօչունեան դիտել տուաւ, որ 1863 թուականի Ազգային սահմանադրութեան եւ ժամանակաշրջանի միւս միլլէթներու սահմանադրութիւնները «Ըսլահաթ ֆերմանը» անուանեալ հրովարտակին մէջ տեղ գտած էին։ Ասոր փոխարէն, Խրիմի պատերազմին յաջորդած Փարիզի համաձայնութեան մէջ յղում կատարուած էր «Ըսլահաթ ֆերմանը»ին։ Հետեւաբար, Օսմանեան շրջանի միլլէթներու սահմանադրութիւններուն անուղղակի յղում մը կատարուած էր Փարիզի համաձայնագրին մէջ, ինչ որ միջազգային երանգ մը, չափում մը վերագրած է 1863 թուականի Ազգային սահմանադրութեան։
Ասուլիսի աւարտին հուսկ բանք մը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ շեշտեց, որ իրաւունքը միշտ ծնունդ կ՚առնէ ուժէն։ «Երբ որ Ազգային սահմանադրութիւնը մշակուած էր, մենք փոքրամասնութիւն չէինք։ Մենք այս երկրին մէջ առաջին լուսաւորուած հաւաքականութիւններէն մին էինք եւ համապատասխան ուժով այդ իրաւունքը ապահոված էին», ըսաւ ան։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ այն ինչ, որ գոյութիւն ունէր Օսմանեան շրջանին, այսօր արդէն չկայ։ Որեւէ իշխանութիւն չի կրնար լիարժէք ձեւով գործել, եթէ զուրկ է պատժելու կամ գնահատելու հնարաւորութենէն։ Յամենայնդէպս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ Ազգային սահմանադրութեան ներշնչումով այսօրուան խնդիրներուն լուծում որոնելը միշտ ալ օգտակար է։ «Պէտք է հաւատանք, որ ջուրի կաթիլները մեծ ժայռ մը ծակելու ներուժը ունին», ըսաւ ան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ նաեւ, որ Ազգային սահմանադրութիւնը նախատեսած էր արդիւնաւէտ համակարգ մը, իսկ այսօր Հանրապետական շրջանի պայմաններով՝ փոքր հպումներով կրնան այդ օրինակին համապատասխան լուծումներ արտադրուիլ համայնքային եւ ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն համար։
