ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐՈՍԻ ԱՍՊԵՏԱԿԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան հիւրընկալեց՝ Երուսաղէմէն Ս. Ղազարոսի զինուորական եւ հիւանդախնամ ասպետական միաբանութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը։ Հիւրերու շարքին կը գտնուէին այս պատուիրակութեան ղեկավարները, հոգեւորական ներկայացուցիչները, կարգ մը ասպետները եւ անոնց կողակիցները։
Հանդիպման ընթացքին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր յանձնուեցաւ միաբանութեան Մեծ Խաչի շքանշանն ու Ղազարոսեան ակադեմիոյ մետալը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեան, Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ։
Հիւր պատուիրակութեան կազմին մէջ կը գտնուէին քրիստոնէական զանազան եկեղեցիներու հոգեւորականներ։
Հիւրերը Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեցին, որ իրենց այցելութիւնը հետամուտ է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի եւ միջազգային քրիստոնէական այս կազմակերպութեան միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները արտայայտելու։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը հանդիպման ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց այս միաբանութեան ներկայացուցիչները հիւրընկալելու կապակցութեամբ։ Ան նշեց, որ փոխադարձ ճանաչման այս հնարաւորութիւնը կը կարեւորէ եւ կը նախատեսէ յարգանքն ու եղբայրական կապերը ամրապնդել սոյն միաբանութեան հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն տրուած շքանշանին, մետալին եւ նուէրներուն համար։
Հիւր միաբանութեան անդամները տեղեկութիւններ քաղեցին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, գործունէութեան, դերակատարութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէ ներս դիրքին՝ որպէս նուիրապետական կեդրոն, ինչպէս նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու դրուածքին շուրջ։