ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

Իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս կարճ դադար մը կ՚առնէ՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներուն հանգիստը։ Թուրքիան արդէն մտած է արձակուրդի։ Ուստի, յառաջիկայ օրերուն թերթս պիտի չհրատարակուի եւ մեր յաջորդ թիւը լոյս պիտի տեսնէ 23 մարտ 2026, երկուշաբթի։

Այս առթիւ լաւագոյն մաղթանքով կը շնորհաւորենք մեր մահմետական հարեւանները՝ մաղթելով, որ տօնը խաղաղութեան ու բարօրութեան առիթ դառնայ մեր երկրին եւ համայն մարդկութեան համար։

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2026