ԱՆԳԼԵՐԷՆՈՎ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՆ ԽՐԱԽՈՒՍՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ եւ հիւրընկալմամբ, վերջին օրերուն կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը, որ ուղղուած էր անգլերէնի գործածութեան խրախուսման: Պոլսահայ հինգ լիսէներուն առընթեր, քաղաքիս յոյն համայնքի լիսէին աշակերտներն ալ մասնակցեցան երկօրեայ այս ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին: Ընդհանուր առմամբ 62 աշակերտ՝ անգլերէնով լաւ արտայայտուելու ուղղեալ այս ծրագրին մասնակցութիւն բերաւ յաջողութեամբ:

Անգլերէնով ինքնարտայայտութեան, ազդու հաղորդակցութեան եւ կարծիքի փոխանակումներու ձեւաչափի մէջ բանավէճի մասնակցութեան առանցքներուն շուրջ ծաւալուեցաւ սոյն նախագծով նախատեսուած աշխատանքը: Երիտասարդները աշխոյժ մասնակցութիւն բերին՝ գործակցութեան եւ զօրակցութեան ոգիի դրսեւորմամբ: Իրենց տեսակէտէ սա հետաքրքրական փորձառութիւն մը եղաւ թէ՛ մանկավարժական եւ թէ ընկերային բնոյթով:

Ձեռնարկի եզրափակիչ փուլին հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ հիւրընկալ Կեդրոնական վարժարանի պատմական սրահի երդիքին տակ: Այդ փուլին բոլոր մասնակիցներուն եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն իրենց նպաստը բերած կրթական մշակներուն ուղղեալ շնորհաւորութեան եւ շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, որ շեշտեց ներկայ ժամանակներուն օտար լեզուի իմացութեան նշանակութիւնը:

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2026