«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՃԱՄԲԱՐԸ, ՈՒՐ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՏՂՈՑ ՀԱՄԱՐ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՅԱՅՏԱԳԻՐ ՄԸ

Երէկ երեկոյեան, պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի կողմէ գլխաւորուած «Աւանդական» պարախումբը այցելեց Գնալը կղզիի յունաց ճամբարը, ուր այս շրջանին թրքահայ մանուկներ եւ պատանիներ կ՚անցընեն իրենց ամրան արձակուրդը: Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան: Հայր սուրբը եւ պարախումբի անդամները ջերմօրէն ողջունեցին՝ ճամբարի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոս եւ մեր ազգայիններէն Արի Չոլաք, որ կը համակարգէ տղոց յունաց ճամբարէ ներս կեցութիւնը: 

Երեկոյթի ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ: Պարախումբի անդամները հակիրճ յայտագիր մը գործադրեցին տղոց համար: Ստեղծուած բարձր տրամադրութիւնը հասաւ այն կէտին, ուր տղաքն ալ պարախումբի անդամներուն հետ միասին պարեցին: Հայկական ժողովրդական երգերու եւ պարերու ազդեցութեամբ ոգեւորութիւնը հասաւ գագաթնակէտին, իսկ եզրափակիչ փուլին բոլորը ուրախութիւն յայտնեցին իրարու հետ այսպիսի երեկոյթ մը վայելած ըլլալու համար:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2026