ԾՈՎ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳ

Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) Կրթական յանձնախումբը գումարեց իր հերթական ժողովը։ Նախընթաց օր, նիստը տեղի ունեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ։ Ժողովին մասնակցեցան ԹՎՄ-ի հովանոցին տակ հաւաքուած համայնքային վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչները, տնօրէնները, մատակարար մարմնի ատենապետները կամ կրթութեան գծով պատասխանատու անդամները։ 

Ժողովի առաջին բաժնին մասնակցեցաւ Տ. Տրդատ աւ. քահանայ Ուզունեան, որ բացատրութիւններ տուաւ կրօնագիտութեան առարկայի դասաւանդման եւ նոր դասաւանդութեան ծրագրի մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Նոր ծրագրի ձեւաւորման գործընթացը առընչուած է Ազգային կրթութեան նախարարութեան հետ սկսած գործընթացին հետ, ուստի, ան խօսեցաւ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ժողովականները համապատասխան նորութիւններու վերահասու դարձան ուշադրութեամբ՝ մասնաւորապէս, որ կրթական նոր ծրագրին խնդիրը բաւական հասունցած է եւ ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի համայնքային շրջանակներուն հետ վերջին հանդիպման ընթացքին ալ արծարծուած էր առաջնահերթօրէն։

Ժողովի օրակարգին վրայ կը գտնուէր կացութիւնը այն աշակերտներուն, որոնք Թուրքիոյ փոքրամասնական վարժարաններէն ներս հիւրի կարգավիճակով ուսում կը ստանան։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի մանաւանդ այն տղոց, որոնք Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած ընտանիքներու զաւակներն են։ Թէեւ անոնց՝ հիւր աշակերտի կարգավիճակով համայնքային վարժարաններ ընդունուիլը սկսած էր՝ Ազգային կրթութեան նախարարութեան թոյլտուութեամբ, սակայն, վերջին շրջանին այս ուղղութեամբ արդէն խնդրայարոյց պարագաներ յառաջացած են։ Արդարեւ, պատկան իշխանութիւնները կ՚ակնկալեն, որ Հայաստանէ արտագաղթած եւ քաղաքս հաստատուած ընտանիքներու տղաքը չյաճախեն համայնքային վարժարաններ: Արդարեւ, համայնքային վարժարանները բացառապէս վերապահուած են փոքրամասնութիւններուն համար, իսկ այդ ծիրէն դուրս մնացած դպրոցահասակ տղաքը պէտք է յաճախեն պետական վարժարաններ։ Այս վիճակը վերջին շրջանին մեր վարժարաններու պատասխանատուներուն եւ պատկան իշխանութիւններուն միջեւ առաջնահերթ քննարկման նիւթ դարձած է։ 

ԹՎՄ-ի Կրթական յանձնախումբի ժողովին ընթացքին ալ արծարծուեցան վերջին իրադարձութիւնները։ Զանազան վարժարաններու պատասխանատուներ՝ ներկայ արձանագրութիւններու շրջանին իրենց դպրոցներէն ներս ապրուածները իրարու հետ փոխանակեցին։ Այս բոլոր փորձառութիւնները համադրուեցան՝ գործընթացի շարունակութեան վերաբերեալ ընդհանուր պատկերացում մը կազմելու ակնկալութեամբ։ 

ԹՎՄ-ի Կրթական յանձնախումբի վերջին ժողովին մասնակցեցան «Յոյս» միութեան ներկայացուցիչները։ Այս վերջիններն ալ՝ մանաւանդ ներկայ արձանագրութիւններու ժամանակաշրջանին իրենց առջեւ ծառացած դժուարութիւններուն անդրադարձան։ «Յոյս»ի վարիչները շեշտեցին, որ այս փուլին համայնքային վարժարաններու ղեկավարութիւններէն կ՚ակնկալեն աւելի ներառական եւ աւելի զգայուն մօտեցումներ, վարչական կամք։ Միութեան պատասխանատուները շեշտեցին, որ կը պատրաստուին աշխատանքի ընդունիլ մասնագէտ մը, որպէսզի ուսման առումով յատուկ խնամքի կարօտ մեր համայնքի տղոց աւելի մեծ օգնութիւն ցուցաբերել հնարաւոր դառնայ։ Այդ յատուկ մասնագէտին ներդրումը պիտի նպաստէ նաեւ համայնքային վարժարաններու գործունէութեան։ Արդարեւ, յատուկ խնամքի կարօտ տղոց պարագային մասնագիտական ցուցմունքները պիտի թեթեւցնէ համայնքային վարժարաններու ընդհանուր պատասխանատուութիւնը եւ աւելի առողջ կողմնորոշման հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ։ Ուստի, «Յոյս»ի վարիչները նշեցին, որ այդպիսի մասնագէտի մը հետ համաձայնելու համար կ՚ակնկալեն ԹՎՄ-ի նիւթական աջակցութիւնը։ 

Ժողովականները անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցին նաեւ հայերէնի դասաւանդման ծրագրի բարեփոխման ուղղեալ աշխատանքները։ Սա շատ կարեւոր խնդիր մըն է, որ կրօնագիտութեան առարկային նման՝ Ազգային կրթութեան նախարարութեան հետ ձեռնարկուած աշխատանքներու ծիրէն ներս լուծման որոնումներու ենթակայ դարձուած է։ Նախարարութեան «Թուրքիոյ դար» կարգախօսով ձեռնարկած բարեփոխումներու ծիրին ընդգրկուած են՝ թրքահայ վարժարաններու դասաւանդման ծրագրերու այժմէականացման խնդիրները: Այս ամբողջին մէջ թէ՛ հայերէնի եւ թէ կրօնագիտութեան առարկաներու դասաւանդման ծրագրերը արդիականացնելու ուղղութեամբ բազմակողմանի աշխատանք կը տարուի։ Սոյն ջանքերուն ընդգրկուած են նաեւ թրքահայ համայնքէն կրթական մշակներ եւ այլ մասնագէտներ, որոնք իրենց պատրաստութիւնները կը համակարգեն Ազգային կրթութեան նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը հետ։ ԹՎՄ-ի Կրթական յանձնախումբը այս համայնապատկերին վրայ արժեւորեց սոյն գործընթացի այժմու փուլը եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց՝ արդէն ձեռնարկուած աշխատանքը ի կատար ածելու կարեւորութիւնը։ 

Ժողովականները անդրադարձան նաեւ կացութեան այն կրթական մշակներուն, որոնք մէկէ աւելի համայնքային վարժարաններէ ներս նոյնաժամանակ կը պաշտօնավարեն։ Վարչայինները կանգ առին անոնց ընկերային ապահովութեան եւ ապահովագրական վճարներու վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ։

ԹՎՄ-ի Կրթական յանձնախումբի ժողովը յաջորդեց՝ մօտաւոր անցեալին ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի կողմէ Գումգաբու տրուած այցելութեան, որու ընթացքին նախ հիւրընկալուած էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի կողմէ, իսկ աւելի վերջ պոլսահայ կրթական համակարգի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած էր լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը։ Նախարարին այցելութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ մէկ կողմէ աշխուժացած էին յոյսերը նոր դասաւանդման ծրագրի վաւերացման ճանապարհին, իսկ միւս կողմէ գրեթէ նոյնաժամանակ օրակարգի վրայ եկած է՝ հիւր աշակերտի կարգավիճակով համայնքային վարժարաններ արձանագրուած տղոց վերաբերեալ անակնկալ խնդիրը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2026