ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ վրայ, ուր սարքուեցաւ տարեկան սիրոյ սեղանը՝ ի նպաստ թաղի Մէրամէճեան վարժարանի: Քաղաքիս այս ամենահայահոծ թաղի վարժարանի տարեկան հանգանակութիւնը այս տարի չափազանց մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր՝ քանի պիւտճէի բացը 44 միլիոն թրքական լիրայի մակարդակին հասած էր: Դժբախտաբար, հանգանակութեան արդիւնքը բաւարար չեղաւ ամբողջութեամբ հաւասարակշռել պիւտճէի բացը, սակայն, յայտարարուեցաւ, որ մօտաւորապէս 29 միլիոն թրքական լիրա նուիրահաւաք մը կատարուած է ի նպաստ դպրոցին:
Ֆէրիգիւղի եկեղեցին երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուն էր հաւատացեալներով: Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիկոպոս Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը: Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շնորհք վարդապետ Տօնիկեան: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի: Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան: Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին պատարագիչ հայր սուրբը, Տ. Շիրվան քահանայ Միւրզեան եւ Տ. Ոսկի քահանայ Սարգիսեան: Ներկաներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, համայնքային շրջանակներէն յայտնի բարերարներ, ծանօթ ազգայիններ, հաստատութիւններու վարիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր:
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սայաթ Չընարի: Ելոյթներով հանդէս եկան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ Մէրամէճեան վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ: Թաղային խորհուրդէն Քորայ Աշճը ներկայացուց տարեկան պիւտճէն: Գեղարուեստական բաժնին մէջ վարժարանի աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի գլխաւորած խմբերգներով: Վարդանանց երգչախումբն ալ աշխարհիկ երգերու փունջ մը ներկայացուց՝ Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ:
Տարեկան հանգանակութեան առթիւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան շարք մը գործիչներու, որոնք զօրակցութիւն կը բերեն թաղային խորհուրդի գործունէութեան:
Հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ հերթական անգամ համայնքէն ներս ընդհանուր զօրակցութեան մթնոլորտի ամրապնդման համար կոչ ուղղեց:
