ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Տատեան վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ: 2025-2026 կրթական շրջանի աւարտին դպրոցը ունի քառասուն ընթացաւարտ:

Շրջանաւարտութեան հանդէսը անցաւ տօնախմբութեան համազօր մթնոլորտի մը մէջ: Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ համախմբուած էին՝ շրջանաւարտներն ու իրենց ծնողները, վարժարանի կրթական մշակները եւ այլ հիւրեր: Շրջանաւարտներուն եւ իրենց ընտանիքներուն ուրախակից էին նաեւ Պաքըրգիւղի ընտանիքի վարիչները: 

Հաւաքոյթի ընթացքին բուռն ծափահարութիւններու մթնոլորտի մէջ յանձնուեցան շրջանաւարտներու վկայականները, յուշանուէրները եւ յաջողագոյններուն պարգեւները: Հարկ է նշել, որ Տատեան վարժարանը այս տարի ունի երկու գերազանց յաջող շրջանաւարտ. յանձինն՝ Ռեպեքա Տավուլճուի եւ Տիրայր Էօճալի: Վկայականներու եւ պարգեւներու յանձնումէն վերջ, շրջանաւարտներուն ուղղեալ շնորհաւորական խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը, որ ապագայ յաջողութիւններ եւ կանաչ ճանապարհ մաղթեց սաներուն: 

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին, Տատեան վարժարանի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որու ընթացքին շարունակուեցաւ ստեղծուած բարձր տրամադրութիւնը: Տղաքը հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը եւ ունեցան հաճելի զրոյց: Բոլոր ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին այս տարուան ընթացաւարտները, որոնց ապագայ ձեռքբերումներ մաղթեցին:

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2026