ԵՈԶՂԱՏՑԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ ՍՏԱՑԱՒ
Եոզղատցի հայերու տարեկան աւանդական հաւաքը երէկ բացառիկ մթնոլորտի մը առիթ դարձաւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս: Հարկ է նշել, որ Եոզղատցի հայերու հայրենակցական միութիւնը վերջերս պաշտօնական կարգավիճակ ձեռք բերած է: Որպէս միութիւն՝ արձանագրուած այս մարմինը արդէն տարիներէ ի վեր ազդու գործունէութիւն կը ծաւալէր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս: Ի լրումն այս բոլորին միութիւնը արդէն պաշտօնապէս արձանագրուած է եւ իր առաջին ընդհանուր ժողովը կազմակերպած՝ ապրիլի 10-ին:
Երէկ առաւօտ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, եոզղատցի հայերը Ս. Պատարագի մասնակցեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Գասպար աբղ. Կարապետեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը: Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Հրաչեայ Աճառեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եոզղատցիներու տարեկան հաւաքը: Ճաշասեղաններու շուրջ համախմբուած էին հոծ թիւով ներկաներ, որոնք արդէն մեծ խանդավառութեան մէջ էին: Սիրոյ սեղանը օրհնեց Տ. Գասպար աբղ. Կարապետեան: Ներկաներուն հրամցուեցան Եոզղատի աւանդութիւններուն համապատասխան, տեղական խոհանոցի յարիր ուտեստներ: Յայտագրին մասնակցեցաւ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը, որու կատարումները արժանացան ծափահարումներու:
Հարկ է նշել, որ Եոզղատցի հայերու հայրենակցական միութեան վարչութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները. Յովսէփ Արզուման, Յակոբ Թորոսօղլու, Շանթ Ալթունքարա, Քրիս Արզուման, Մելքոն Սահակօղլու, Արէտ Արզուման, Ատել Թորոսօղլու, Յակոբ Ալթունքարա, Սէրտար Քասափչըլար, Խաչիկ Սարըլը, Լիանա Պենլի եւ Զենոբ Թորոսօղլու: