ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԹԱՂԻ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՇՈՒՐՋ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԹԱՐՄԱՑՈՒՄ

Շաբաթավերջին, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը: Առհասարակ, յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Վոսփորի արեւմտեան ափի մեր այս սրբավայրի համալիրէն ներս: Արդարեւ, Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը վերջին շրջանին հետեւողական աշխատանք տարած է թաղի երբեմնի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ վարժարանի շրջանաւարտները համախմբելու եւ այդ կրթօճախի շէնքի ապագայի արժեւորման մտասեւեռում մը ձեւաւորելու առաջադրութեամբ: 

Նախապատրաստական երկար աշխատանքներէ վերջ, ի վերջոյ հնարաւոր եղած էր կազմակերպել Պիւյիւքտէրէի երբեմնի հայկական վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքը: Սա բառին բուն իմաստով յիշողութեան վերակենդանացման, հաւաքական յիշողութեան զարթօնքի իրադարձութիւն մըն էր: Բացի շրջանաւարտներու համախմբումէն, Պիւյիւքտէրէի հայկական կեանքի, ապրումներուն մասին ելոյթներով հանդէս եկան տքթ. Էլմոն Հանչէր եւ Մարալ Ֆուքս: Թաղի անցեալին վերաբերեալ մատուցուած տեղեկութիւնները եկան միաձուլուիլ շրջանաւարտներուն կողմէ փոխանցուած յիշատակներուն հետ: Արդիւնքը իսկապէս յուզումնախառն էր եւ այդ համապատասխան մթնոլորտին մէջ հնչեցին բոլորի փափաքները, որպէսզի երբեմն կրօճախի պատմական շէնքը ներկայիս արժեւորուի՝ համապատասխան, դրական նպատակներով եւ վերածուի այդ բոլոր ապրումներու յուշակոթողի:

Ի լրումն այս բոլորին, Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ այս հաւաքոյթի ընթացքին ներկայացուց իր եռամեայ գործունէութեան հաշուետուութիւնը: Հաւաքոյթին ներկայ էին համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին թաղային խորհուրդի գործունէութեան:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2026