ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Տ. ԱՐՄԱՇ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեանը, որ մաս կը կազմէ Հայաստանեայց Առաքեալական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասուն: Տէր հայրը, որ նախկին պոլսահայ մըն է, այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ արձակուրդով՝ մանաւանդ տեսնելու համար տիրամայրը: Օգտուելով առիթէն ան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ ստանալու համար իր օրհնութիւնը:

Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն ողջունեց Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեանը եւ զրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ կը հետեւի անոր անսակարկ նուիրումով մատուցած ծառայութիւններուն՝ հոգեւոր անդաստանէն ներս: Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնեց տէր հայրը, որուն փոխանցեց իր բարեմաղթանքը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2026