ՅԱՅՏՆԻ ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ԳԱՐԻՆ ՃԻՆՃԻՕՂԼՈՒԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան պատուեց «Իմ գոյներս յոյս թող ըլլան» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման ընդունելութիւնը։ Յայտնի նկարչուհի Գարին Ճինճիօղլուի անհատական ցուցահանդէսն է այս մէկը, որ տեղի կ՚ունենայ Բանկալթըի «Պերզէ» գեղարուեստի սրահին մէջ։ Նախաձեռնութիւնը կատարուած է «Յոյս» միութեան ի նպաստ։
Բացման ընդունելութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շրջեցաւ ցուցահանդէսը՝ արտայայտելով իր գնահատանքը նկարչուհի Գարին Ճինճիօղլուի նկատմամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շրջապատուեցաւ թէ՛ արուեստագիտուհիին եւ թէ «Յոյս» միութեան պատասխանատուներուն կողմէ։ Բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ մասնակցեցան ցուցահանդէսի բացման, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Տ. Նաթան քահանայ Արապեան։
Սոյն ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ նոյեմբերի 27-ը։