ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄԵԾ ՊԱՏԻՒ
Կեդրոնականի ընտանիքը այս տարի բացառիկ խանդավառութեամբ կը պատրաստուի՝ վարժարանի տարեկան հանգանակութեան։ Արդարեւ, դպրոցին ի նպաստ նուիրահաւաքման արշաւը այս տարի կը զուգորդուի Կեդրոնականի ընտանիքի երկու նուիրեալներու պարգեւատրումով։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան որոշած է շքանշաններ շնորհել՝ Կեդրոնականի ընտանիքի վերջին տասնամեակներու երկու ծառայութեան ախոյեաններուն՝ Սիլվա Գույումճեանին եւ Յարութիւն Էպէօղլուին։ Ինչպէս ծանօթ է, Սիլվա Գույումճեան տասնամեակներ շարունակ ձեռնհասօրէն վարած է Կեդրոնականի տնօրէնուհիի պաշտօնը եւ ապահովելով հարթ հերթի փոխանցում մը՝ այս տարուընէ սկսեալ արդէն խորհրդականի դեր ստանձնած է։ Իսկ Յարութիւն Էպէօղլու, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը երկար ժամանակ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետը եղած էր, ներկայիս վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչի պաշտօնը կը վարէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը որոշած է այս շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան ընթացքին յատուկ Օրհնութեան գիրեր շնորհել Սիլվա Գույումճեանին եւ Յարութիւն Էպէօղլուին։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Նորին Ամենապատուութիւնը Սիլվա Գույումճեանին պիտի շնորհէ Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան» շքանշանը, իսկ Յարութիւն Էպէօղլուին՝ պատուոյ շքանշան։ Այս իրադարձութիւնը արդէն Կեդրոնականի ընտանիքին բոլորովին տարբեր զգացումներ կ՚առթէ՝ շաբաթավերջի տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ։
Միւս կողմէ, երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանն ու փոխ-ատենապետ Պօղոս Չալկըճըօղլուն։ Կեդրոնականի ընտանիքի պատասխանատուները փափաքած էին խմբագրատունս այցելել՝ շաբաթավերջի նուիրահաւաքման արշաւին ընդառաջ։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին խնամակալութեան աշխատանքներուն եւ դպրոցի այժմու վիճակին շուրջ։ Կեդրոնականը երկար տասնամեակներէ ի վեր համայնքէն ներս մեր վարժարաններու յաջողութեան նշաձողը կը պահէ բարձր կէտի մը վրայ։ Նկատի ունենալով, որ դպրոցին համար կատարուած բոլոր զոհողութիւնները հետեւողականօրէն կ՚արդարանան, Կեդրոնականի վարիչները լաւատես են, թէ այս անգամ եւս համայնքային շրջանակները զօրակցութիւն կը ցուցաբերեն եւ կ՚ապահովեն, որ պատմական այս կրթօճախի երթը մնայ կայուն հունի մը մէջ։ Այս տարի եւս կարգադիր յանձնախումբը կը գլխաւորէ Կեդրոնականի երիցագոյն շրջանաւարտներէն եւ մեր համայնքի վեթերան բարերարներէն Հայկ Ասլանեան, որ խնամակալութեան կը զօրակցի՝ ապահովելու համար առաւելագոյն արդիւնքը։
Հիւրերը երէկուան զրոյցի ընթացքին յայտնեցին, որ խնամակալութիւնը կը ձգտի Կեդրոնականի շրջանաւարտներու համախմբումը ամրապնդել եւ ծառայեցնել դպրոցի ի նպաստ զօրակցութեան։ Ի լրումն այս բոլորին, ընթացիկ խնդիրներու դէմ պայքարելու առընթեր, Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը բուռն թափով կ՚աշխատի, որպէսզի հաստատութիւնը ունենայ մշտական եկամուտներ, որոնք երկարաժամկէտ երաշխիքներ կրնան ապահովել կայուն գործունէութեան տեսակէտէ։
Զրոյցի աւարտին հիւրերը նշեցին, որ Կեդրոնականի ընտանիքին տեսակէտէ բացառիկ պատիւ մը կը համարուի՝ հանգանակութեան շաբաթավերջին Պատրիարքական Աթոռին կողմէ նախատեսուած պարգեւատրումը։