ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵՐ
Երէկ, Տ. Արամ արք. Աթէշեան քաղաքավարական այցելութիւններ տուաւ Տիարպաքըրի կուսակալ Մուրատ Զորլուօղլուին եւ քաղաքապետ Տողան Հաթունին: Նորին Սրբազնութիւնը շաբաթավերջին տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահած էր արարողութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան Ս. Զատկի շրջանին, Աշխարհամատրան կիրակիի շաբաթավերջին:
Երէկուան այցելութիւններուն ընթացքին Տ. Արամ արք. Աթէշեանին ընկերացան Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք եւ ընկերները: Թէ՛ նահանգապետարանի եւ թէ քաղաքապետարանի մէջ Նորին Սրբազնութիւնը հիւրընկալուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ:
Կուսակալ Զորլուօղլուի եւ քաղաքապետ Հաթունի հետ զրոյցներու ժամանակ, Տ. Արամ արք. Աթէշեան օրակարգի վրայ բերաւ Տիարպաքըրի Ս. Սարգիս խոնարհեալ եկեղեցւոյ վերականգնման ծրագրի ընթացքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց պետական կառոյցներուն կողմէ ցուցաբերուած նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար: Արդարեւ, Նորին Սրբազնութիւնը համոզուած է, թէ այդ խրախուսանքը չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ մեծածախս այս ծրագիրը ի կատար ածելու ճանապարհին:
Տ. Արամ արք. Աթէշեան զրոյցներու ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան եկեղեցիներուն՝ մասնաւորապէս տեղեկութիւններ փոխանցելով մեր սրբավայրերուն կապակցութեամբ: Ի լրումն այս բոլորին, զրոյցներու ընթացքին խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ զանազան նիւթերու շուրջ:
Տ. Արամ արք. Աթէշեան թէ՛ նահանգապետարանի եւ թէ քաղաքապետարանի մէջ ընդգծեց, որ Պատրիարքական Աթոռը մօտէն կը հետեւի Տիարպաքըրի մեր սրբավայրերու կացութեան, ինչ որ դրական օրինակ մը կը համարուի Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած ընդհանուր համակեցութեան տեսակէտէ: