ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեան ընդունեց ցաւակցական այցելութիւններ՝ տիրամայր Գոհար Գազանճեանի մահուան առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, տիրամայրը կը բնակէր Գանատայի մէջ եւ մօտաւոր անցեալին իր կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած էր թրքահայ շրջանակներէ ներս՝ քանի բոլորը սուգի ծանր պահուն փափաքած էին բարոյական զօրակցութեան մէջ ըլլալ Գազանճեան Գերապայծառին հետ։ Նկատի ունենալով, որ իր պաշտօնավարութեան տարիներուն Գազանճեան Գերապայծառ համատարած գնահատանքի եւ համակրանքի արժանացած է թրքահայ կեանքէն ներս՝ տիրամօր կորուստի պահը առիթ դարձաւ, որպէսզի բոլորը իրեն նկատմամբ կուտակուած սէրը արտայայտեն եւ ի շարունակութիւն վշտակցին Գազանճեան Գերապայծառին։

Երէկ, Սաքըզաղաճի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ նորոգ հանգուցեալ տիրամայր Գոհար Գազանճեանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։ Արարողութենէն վերջ, յարակից արքեպիսկոպոսարանի սրահին մէջ Գազանճեան Գերապայծառը ընդունեց ցաւակցական այցելութիւններ։ Այս ծիրէն ներս Սաքըզաղաճը փութացին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց տիեզերական պատրիարքը, քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, ինչպէս նաեւ հրէից րաբունապետ Ռաւ Տաւիտ Սեւի։ Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց՝ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ Գազանճեան Գերապայծառին փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի անկեղծ ցաւակցութիւններն ու եղբայրական բարոյական զօրակցութեան տրամադրութիւնները։ 

Հոգեհանգստեան պաշտօնին եւ յաջորդած ցաւակցական հաւաքոյթի ընթացքին Գազանճեան Գերապայծառի կողքին էին քաղաքիս հայ կաթողիկէ կղերի ներկայացուցիչները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու օրուան ծրագիրը ծանրաբեռնուած էր, յապաղումով այցելեց Սաքըզաղաճը, ուր անկեղծօրէն ցաւակցեցաւ Գազանճեան Գերապայծառին։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2026