ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԻ ՏՆՕՐԷՆԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գնալը կղզիի յունաց վանքի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոսը։ Պատրիարքարանի Գնալը կղզիի ամարանոցին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։ Նկատի ունենալով, որ մեր համայնքի տղաքը այս ամառ եւս Գնալը կղզիի յունաց վանքէն պիտի օգտուին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրընկալեց Տիամանտի Քումվոփուլոսը՝ ներկայութեամբ մեր ազգայիններէն Արի Չոլաքի, որ կամաւոր ձեւով կը համակարգէ հայ մանուկներու եւ պատանիներու կեցութեան աշխատանքները։ Հարկ է յիշեցնել, որ հայ մանուկներու կեցութեան ծախսերը ամբողջովին կը դիմագրաւուին մեր երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին կողմէ։
Քումվոփուլոս Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեց մասնակցելու յունաց վանքի տարեկան անուան տօնախմբութեան, որ նախատեսուած է Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց տիեզերական պատրիարքի հովանիին ներքեւ։