ՈՉ ԵՒՍ Է ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի։ Մենհեթթընի իր բնակարանէն ներս, իր անշունչ մարմինը յայտնաբերուած է եւ տակաւին մահուան պատճառները յայտնի չեն։ Նկատի ունենալով, որ ան ամբողջ հայաշխարհէն ներս համատարած յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած արուեստագէտ մըն էր՝ բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուած եւ խոր ցաւ յառաջացուցած է համայն հայաշխարհէն ներս։

Շահան Արծրունի բառին բուն իմաստով իր ապրած ժամանակաշրջանի գեղարուեստի հսկաներէն մին էր։ Ծնած էր Իսթանպուլի մէջ եւ աւարտած՝ Կեդրոնական վարժարանը։ Աւելի քան 85 տարեկան հասակին ան կը հեռանայ երկրաւոր կեանքէն՝ ետին թողելով իսկապէս բարի, ազնիւ եւ անթառամ յիշատակ մը։

Շահան Արծրունի շատ կանուխ տարիքէն ծննդավայրը Պոլիսէն հեռացած էր եւ թէ՛ իր ուսումը կատարելագործելու եւ թէ երաժշտական կեանքէ ներս նուաճումներ արձանագրելու ճանապարհին հաստատուած էր արտասահման։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ վերջ, ան մեծ յաջողութիւններ արձանագրած էր՝ ամբողջ աշխարհի մէջ համբաւ ձեռք բերելով որպէս վարպետ դաշնակահար։ Աշխարհի բազմաթիւ հեղինակաւոր բեմերու վրայ նուագած էր, շատ բարձրաշխարհիկ միջավայրերու մէջ հրաւիրուած էր համերգներու՝ ներառեալ Սպիտակ տունը։

Ի լրումն այս բոլորին, Շահան Արծրունի հայ մշակոյթի եւ երաժշտութեան իսկական նուիրեալ մըն էր՝ քանի հայ մեծանուն յօրինողներու ժառանգութեան պահպանման ու վերարտադրութեան ուղղութեամբ գերմարդկային ջանքեր կը գործադրէր։ Իր մօրաքրոջ՝ լուսահոգի յօրինող Սիրվարդ Գարամանուկի յիշատակին նկատմամբ ալ միշտ ցուցաբերած էր հաւատարմութիւն։ Երաժշտական գետնի վրայ հասած մակարդակին առընթեր, Շահան Արծրունի զանազան ծրագրերու հետամուտ եղած էր՝ հայ նոր սերունդէ երաժիշտներու եւ արուեստագէտներու պատրաստութեան ճանապարհին։ Կանոնաւոր պարբերականութեամբ վարպետութեան դասեր կու տար Հայաստանի մէջ՝ ո՛չ միայն Երեւանի, այլեւ երկրի ամբողջ մարզերուն մէջ։

Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 100-ամեակի նշման ժամանակ, յոբելեանին առթիւ ՄԱԿ-ի կողմէ կոչուած էր պատասխանա-տուութեան, ինչ որ իր կեանքի յանձնառութիւններու ամենակարեւորներէն էր։

Գեղարուեստական գործունէութեան առընթեր, Շահան Արծրունի միշտ խրախուսած էր նաեւ հայ իրականութենէ ներս բարենպատակ շարժումները։ ԱՄՆ-է ներս Հայ օգնութեան ֆոնտի համակիրներէն եւ աջակիցներէն եղած էր։ Սերտօրէն կը համագործակցէր նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հետ՝ հայ զանազան յօրինողներու ստեղծագործութիւններու ձայնագրութիւններու սկաւառակները պատրաստելու ճանապարհին։ Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի նախկին պոլսահայ շրջանակներու գործունէութիւններէն անպակաս դէմք մըն էր։ Իբրեւ կարկառուն անհատականութիւն՝ միշտ պոլսահայ շրջանակներու յարգանքին եւ համակրանքին առարկայ կը դառնար եւ իր ներկայութիւնը բոլորին տեսակէտէ կը ներկայացնէր չափազանց կարեւորութիւն։

Շահան Արծրունիի կորուստը այնպիսի անբացատրելի նշանակութիւն ունի, որ միայն չի բիւրեղանար անփոխարինելի ըլլալով, այլեւ բոլորը կը մտածէ առաջնորդելու՝ իր վիթխարի վաստակի ժամանակներու մէջ արժեւորման եւ վերարժեւորման մասին։

Այս տխուր առթիւ մեր անկեղծ խոնարհումը կը բերենք Շահան Արծրունիի քաղցր յիշատակին եւ մանաւանդ վիթխարի վաստակին առջեւ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026