ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՆՈՒԱՃՈՒՄ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Կեդրոնական վարժարանի 2025-2026 շրջանի հունձքէն Լուսին Քարթուն բացառիկ յաջողութիւն արձանագրած է համալսարանի մտից քննութիւններուն արդիւնքով։ Լուսին Քարթուն ամբողջ Թուրքիոյ մէջ եղած է 2026 թուականի համալսարանի մտից քննութիւններու արդիւնքներով՝ 360-րդ։ Սա իսկապէս յաւակնոտ յաջողութիւն մըն է, ինչ որ այժմէն լուրջ յոյս կը ներշնչէ վարժարանի փայլուն սանի կրթական կեանքէ ներս ապագային տեսակէտը։
Լուսին Քարթուն Կեդրոնական վարժարանէն ներս կազմակերպուած համալսարանի քննութեանց պատրաստութեան ծրագրին հետեւած է: Իր աշխատանքին արդիւնքը եղած է փայլուն եւ ան ամբողջ Թուրքիոյ մէջ 360-րդ հորիզոնականը զբաղեցնել յաջողած է՝ հաւասար հիմունքով հաշուարկի գծով։
Հարկ է նշել, որ Լուսին Քարթուն Պոլիս հաստատուած է Վաքըֆլըգիւղէն՝ մօտաւոր անցեալին պատահած աւերիչ երկրաշարժով պայմանաւորուած բարդ իրավիճակին մէջ։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Լուսին Քարթունը, որուն նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք բարձրագոյն ուսման տարիներուն: