ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՄԱԹԻԼՏ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆԻ ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ նորոգ հանգուցեալ Մաթիլտ Մոսկոֆեանի յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը։ Յուղարկաւորները յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ Մաթիլտ Մոսկոֆեանին, որ մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին էր։ Ողբացեալ Մաթիլտ Մոսկոֆեան թէեւ յառաջացած տարիք ունէր, սակայն, առողջական լուրջ հարց մը չունէր եւ իր յանկարծական մահը այդ իմաստով ցնցիչ եղաւ հարազատներուն, ընտանիքին համար։
Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան։ Հանգուցեալին մարմինը զետեղուած էր լուսաշող տաճարին կեդրոնը՝ մահաբեմին վրայ, որու շուրջ համախմբուած էին հոգեւոր հայրեր եւ հոծ թիւով յուղարկաւորներ։ Բոլորը միասնաբար աղօթեցին անոր յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար եւ բարոյական զօրակցութիւն յայտնեցին իր ընտանիքին։ Վերջին յարգանքի եւ հրաժեշտի փուլին՝ յուղարկաւորները աղօթքով խոնարհեցան լուսահոգի Մաթիլտ Մոսկոֆեանի բարի եւ անթառամ յիշատակին առջեւ։
Հարկ է նշել, որ հանգուցեալ Մաթիլտ Մոսկոֆեան մայրն էր՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։ Երէկուան յուղարկաւորութեան ժամանակ, Հրանդ Մոսկոֆեանի նկատմամբ բացառիկ բարոյական զօրակցութեան տրամադրութիւն ցուցաբերեցին՝ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ փորձեց մխիթարել Հրանդ Մոսկոֆեանն ու հանգուցեալի ընտանիքի բոլոր անդամները։
Յուղարկաւորութեան յուզումնախառն արարողութեան աւարտին, նորոգ հանգուցեալ Մաթիլտ Մոսկոֆեանի մարմինը հողին յանձնուեցաւ՝ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։