ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՃԱՐԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետուհի Նատին Փիլիկօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ծանօթ է, որ ՀԱՅՃԱՐ ամէն տարի կը կազմակերպէ՝ արքունի ճարտարապետներու Պալեան գերդաստանի անդամներու ոգեկոչումը։ Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ կը գտնուի անոնց կոթողային շիրիմը, որու շուրջ ամէն տարի կը համախմբուին երախտագէտներ, ճարտարապետութեան ոլորտի նուիրեալներ, որոնք հոգեհանգստեան աղօթք կը կատարեն։
Նկատի ունենալով, որ տարեկան այս ոգեկոչումները Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ տեղի կ՚ունենան՝ ՀԱՅՃԱՐ-ի վարիչները երէկ փութացին Գումգաբու, ուր զրուցեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց ՀԱՅՃԱՐ-ի գործունէութիւնը եւ յայտնեց, որ շաբաթավերջին պիտի հանդիսապետէ հերթական ոգեկոչման արարողութեան։