Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԱՄՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ
Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան այս օրերուն կ՚այցելէ Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը, որու շրջանակներէն ներս հայր սուրբը պիտի մասնակցի՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի շարք մը ձեռնարկներուն։
Այս շաբաթավերջին, Ֆիլատելֆիոյ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեանի քահանայական ձեռնադրութեան տասնամեայ յոբելեանը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի հովանաւորութեան ներքեւ նախատեսուած են յոբելենական արարողութիւններ։ Նկատի ունենալով, որ յոբելեար քահանան նախկին պոլսահայ մըն է՝ այս յոբելեանին մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։
Այս շաբաթավերջի յոբելենական արարողութիւններուն առընթեր, յաջորդ շաբաթավերջին նախատեսուած է նաեւ այլ կարեւոր իրադարձութիւն մը՝ Արեւելեան թեմի կեանքէն ներս։ Այսպէս, Ս. Ներսէս ընծայարանի ներկայ համալիրի մէջ հաստատման տասնամեակը պիտի նշուի բացառիկ արարողութիւններով։ Սա միեւնոյն ժամանակ մեծարանքի հանդիսութիւն մը պիտի ըլլայ՝ ի պատիւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի։ Արդարեւ, Ս. Ներսէս ընծայարանը ներկայ համալիրին մէջ հաստատուած է՝ Նորին Սրբազնութեան Արեւելեան թեմի առաջնորդի պաշտօն վարած ժամանակաշրջանին։ Ան մեծ ջանք ու եռանդ ներդրած է այդ նպատակին համար։ Արդէն տասն տարի անց, ընծայարանի նոր համալիրի մէջ հաստատման յոբելեանը կը վերածուի Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի ի պատիւ մեծարանքի արարողութեան մը, ինչ որ թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի կողմէ կատարուած տեղին տնօրինութիւն մըն է։
Ծանօթ է, որ ներկայ ամսուայ սկիզբին Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի կողմէ գլխաւորուած ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբ մը այցելած էր Թուրքիա։ Խումբին մաս կազմած էին նաեւ Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս աւ. քհնյ. Չեւեան եւ Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեան։
Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի այցելութիւնը առիթ պիտի ստեղծէ, որպէսզի Արեւելեան թեմի առաջնորդարանէն ներս վերյիշումներ ըլլան այս ուխտագնացութեան մասին, որ արդէն պատմական էր մասնակիցներուն տեսակէտէ։