ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՆԳԼԻԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ՝ անգլիախօսութեան օր մը, որ առիթ դարձաւ, որպէսզի աշակերտները չափեն իրենց անգլերէնի իմացութիւնը։ Այս ձեռնարկը հնարաւորութիւն ընձեռեց, որպէսզի տղաքը տարրական պատկերացում մըն ալ կազմեն աշխարհի անգլիախօս երկիրներու մշակութային հարստութիւններուն շուրջ։ Անոնք անգլիախօս երկիրներուն եւ նոյնպէս անգլիախօս կամ անգլերէնով արտադրող նշանաւոր անձերու մասին իրենց աշխատանքները թատերակներու ձեւաչափին մէջ ներկայացուցին՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2026