Երեքշաբթի 24, Մարտ 2026
«ՄԱՐԱԼ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու «Մարալ» երգի-պարի համոյթի պարուսոյց Կարպիս Չափքանը։ Այսպէս, անոնք տեղեկացուցին, որ «Մարալ» երգի-պարի համոյթը յառաջիկայ կիրակի ելոյթ մը պիտի ունենայ «Սիւլէյման Սեպա» մշակոյթի կեդրոնէն ներս։ Այս առթիւ անոնք խումբի աշխատանքին շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ զայն հրաւիրեցին ելոյթին։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ յաջողութիւն մաղթեց «Մարալ»ի անդամներուն՝ իրենց գործունէութեանց մէջ։
Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2026