Ուրբաթ 24, Ապրիլ 2026
ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Իսթանպուլի Շարժանկարի թանգարանի տնօրէն Պիրտալ Տանեըլտըզը։ Հարկ է նշել, որ այս թանգարանը կը գործէ՝ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Շարժանկարի ընդհանուր տնօրէնութեան հովանիին ներքեւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրին հետ կարծիքի փոխանակումներ ունեցաւ զանազան ծրագրերու շուրջ՝ մանաւանդ, որ վերջին շրջանին համայնքային նախաձեռնութիւններու պարագային սրահներ կը տրամադրուին նախարարութեան կարգադրութիւններով։
Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2026