ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն սրկ. Թեքիրօղլուի։

Տէրունական աղօթքէն առաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց՝ ընդգծելով Աստուծոյ կողմէ մարդոց տրուած բարիքներուն համար փառք տալու կարեւոր նշանակութիւնը։

Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած Կղզեաց թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրնըկալեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Կղզիի բարձունքին, եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական վերաբերմունք ցոյց տուաւ նաեւ Ս. Պատարագին մասնակից հաւատացեալներուն։ Օգոստոսի վերջաւորութիւնը արդէն կամաց-կամաց կու գայ ազդարարել, որ եղանակ մը եւս փակուելու վրայ է կղզիէն ներս, յամենայնդէպս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւնները տակաւին քանի մը շաբաթ կանոնաւոր ձեւով կը շարունակուին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2026