ERVAB-Ի ԺՈՂՈՎԸ ՍԿՍԱՒ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ, ժամը 16.35-ին, սկսաւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ժողովը։ Նիստը կը գլխաւորէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ ղեկավարն է նաեւ ERVAB-ի։ Ժողովէն առաջ Ազգային հիւանդանոց փութացած էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան։ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու եւս հիւանդանոցի մէջ էր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, երեսփոխան Սվաճըօղլու եւ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու դռնփակ խորհրդակցութիւն մը ունեցան կրթական մշակներու հետ։ ERVAB-ի ժողովը գումարուեցաւ ի շարունակութիւն այս խորհրդակցութեան։

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս շրջանին հրատապ օրակարգ դարձած է՝ իշխանութիւններուն կողմէ փոքրամասնական համայնքային վարժարաններէ ներս հիւր աշակերտներու պարագային սահմանուած արգելքը։ Սա գործնականօրէն կը նշանակէ, որ Հայաստանէն արտագաղթած ընտանիքներու զաւակները պիտի չկարողանան յաճախել թրքահայ վարժարանները։ Անոնք արդէն դպրոցներէն ներս ունէին հիւրի կարգավիճակ, այսինքն առանց վկայական մը ունենալու հեռանկարին դպրոց կը յաճախէին, ինչ որ արդէն ինքնին անբաւարար էր։ Այդքանն ալ կարելի եղած էր իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ։ Այժմ, դժբախտաբար, խնդրոյ առարկայ է յետընթաց մը։ Ըստ էութեան, առանց որեւէ պատճառաբանութեան՝ հիւրի կարգավիճակով աշակերտները կը զրկուին այդ հնարաւորութենէն։

Սոյն կարգադրութիւնը զարմանք յառաջացուցած է նաեւ այն առումով, որ հարցը օրակարգի վրայ եկած է՝ Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի եւ համայնքային շրջանակներու մօտաւոր անցեալի հանդիպումէն անմիջապէս վերջ։ Հարկ է աւելցնել, որ նախարարի այցելութեան ժամանակ այս հարցին շուրջ տատամսումներ եւ տարակարծութիւններ եղած են համայնքային վարիչներու միջեւ, ինչ որ այս փուլին ջուրի երես կ՚ելլէ՝ անպաշտօն լսումներու միջոցաւ։ Արդարեւ, կարգ մը համայնքային վարիչներ կողմնակից եղած են, որ համայնքային վարժարաններէ ներս հիւր աշակերտներու խնդիրը սկզբունքօրէն շօշափուի նախարարի ներկայութեամբ, սակայն, արգելք եղած են անոնք, որոնք հաւաքոյթի կազմակերպման գծով պատասխանատու եղած են։

Այժմ, համայնքային շրջանակները գործի լծուած են այս հարցին լուծում մը գտնելու համար։

Ուրեմն, այսօր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ նախատեսուած է ERVAB-ի ժողովը՝ համապատասխան օրակարգով։ Համայնքային վարիչները միտք-մտքի կու տան ստեղծուած իրավիճակին լուծում մը գտնելու համար։

Ըստ անպաշտօն լսումներու՝ ի շարունակութիւն ERVAB-ի ժողովին, համայնքէն պատուիրակութիւն մը պիտի ջանայ խնդրին ծալքերը օրակարգի վրայ բերել յաչս պատկան պետական մարմիններու եւ այս նպատակով հաւանական է նախաձեռնութիւն մը, որպէսզի այցելութիւն մը տրուի Իսթանպուլի նահանգապետարանը։ Այսպէս, համայնքային վարիչները պիտի փորձեն խնդիրը Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի նկատառման յանձնել, որպէսզի համակարգին մէջ լուծում մը գտնուի՝ առանց դպրոցահասակ պատանիներու կրթութեան հնարաւորութեան ոտնահարման եւ, անշուշտ, միեւնոյն ժամանակ, իշխանութիւններու զգայնութիւններու անտեսման։

Իրադարձութիւններու ընթացքը այս շրջանին կը շարունակէ մնալ համայնքային շրջանակներու ուշադրութեան առանցքին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2026