ՏԵՐԻՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԺՈՂՈՎԸ

Երէկ, Պատրիարքարանի մէջ իր անդրանիկ ժողովը գումարեց այն յանձնախումբը, որ ստեղծուած է Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ առկայ խնդիրներու լուծման նպատակով։ Նորաստեղծ յանձնախումբի առաջին նիստին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան։

Յանձնախումբի ատենապետն է Տ. Արամ արք. Աթէշեան։ Անդամներն են՝ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան, Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չեթինքայա, Խաչիկ սրկ. Սարըլը, իրաւաբան Առէն Տատըրօղլու, իրաւաբան Մարկոս Էֆէ Քարահան, արուեստաբան Էլմոն Հանչէր եւ երէցկին Սանտրա Օհանեան։

Ինչպէս ծանօթ է, Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցին, ըստ էութեան, մաս կը կազմէ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն։ Սա գաւառի մեր հինգ եկեղեցիներէն մին է, սակայն, անոր շէնքի սեփականութեան վերաբերեալ խնդիրները երկար ժամանակէ ի վեր չեն կրցած լուծուիլ։ Արդարեւ, այս եկեղեցւոյ կալուածաթուղթը բանաձեւուած է անհատի մը վրայ, որուն ժառանգները ներկայիս տարակարծութիւններ կ՚ապրին՝ կալուածաթուղթը համայնքային հաստատութեան մը փոխանցելու եւ համապատասխան ձեւով կալուածաթուղթին բանաձեւում մը տալու ճանապարհին։ Այս տարակարծութիւնները վերջին շրջանին վերածուած են լուրջ խնդրի մը։

Նորին Ամենապատուութիւնը երէկուան անդրանիկ ժողովի ընթացքին յաջողութիւն մաղթեց յանձնախումբի անդամներուն, որոնք քննարկեցին իրենց ապագայ գործունէութեան մեթոտը եւ որոշեցին առաջնահերթութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ որոշուեցաւ քննութիւն մը կատարել Պատրիարքարանի արխիւներուն մէջ, լսել առնչակից ընտանիքներն ու վկաները, ինչպէս նաեւ համեմատական կերպով գնահատել կալուածաթուղթի արձանագրութիւններն ու եկեղեցւոյ միւս արձանագրութիւնները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2026