ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՐՊԻՅԷԻ ՍԵՆ Թ՚ԷՍՓՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԱՏՈՒՑՈՒԱԾ ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Հարպիյէի Սեն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած գոհաբանական Սուրբ Պատարագին։ Իզմիրի լատին կաթոլիկ վիճակաւոր մոնսենիէօր Մարթին Քմեթէք եպիսկոպոսին ձեռամբ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագը, որուն մասնակցութիւն բերին նաեւ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց ծայրագոյն պատրիարքը, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ միւս քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտի մէջ հիւրընկալուեցան կաթոլիկ եկեղեցւոյ Իսթանպուլի պատասխանատուներուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ արքեպիսկոպոսին։
Այս արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, սոյն պատմական եկեղեցւոյ «Մայր տաճար» կոչման 150-ամեակի յոբելեանին առթիւ։ Արարողութեան աւարտին արձակման աղօթքը արտասանեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց ծայրագոյն պատրիարքը։ Հուսկ, բոլորը զիրար ողջունեցին՝ մաղթելով, որ մօտալուտ Ս. Զատիկը ըլլայ բարեբեր համայն քրիստոնեայ աշխարհին համար։
