ԽԵՑԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը կը շարունակէ համայնքային զանազան շրջանակներու զօրակցութեան առարկայ դառնալ։ Այսպէս, վերջերս դպրոցին ի նպաստ կազմակերպուեցաւ խեցեգործութեան աշխատանոց մը, որ ընկերային զօրակցութեան եւ պատասխանատուութեան դրական օրինակ մըն էր նաեւ համայնքային կեանքէն ներս։ Այս աշխատանոցը կազմակերպուած էր՝ նախաձեռնութեամբ Սելվին Էօզկիւլի, Թամար Կէօքչէօղլուի եւ Լինտա Չեթինքայայի։ Աշխատանոցի հասոյթը ամբողջութեամբ դպրոցին տրամադրուեցաւ։

Այս նախաձեռնութեան մասնակիցները թէ՛ արհեստի արտադրութիւն կատարեցին եւ թէ իրենց նպաստը բերին դպրոցի աշակերտներու կրթութեան։

Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ կրթական մշակները ջերմօրէն ողջունեցին այս նախաձեռնութիւնը՝ արտայայտելով իրենց գնահատանքը կազմակերպիչներուն նկատմամբ։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2026