ԵՍԹԵՐ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՍԼԱՆԵԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Երէկ, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը, որով անցեալի ու ներկայի խաչմերուկին արժեւորուեցաւ հաստատութեան առաքելութիւնը։

Դպրոցի երդիքին տակ զրոյցի հրաւիրուած էին երկու երէց սաներ։ Անոնցմէ մին էր 1943 թուականի շրջանաւարտ Հայկ Ասլանեան, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր նաեւ հիմնադրի ներկայացուցիչի պաշտօնը կը վարէ, կրթօճախի հիմնական բարերարներէն է։ Միւս ատենախօսն էր 1946 թուականի շրջանաւարտուհի Եսթեր Վարժապետեան։ Այս երկու անուններն ալ համայնքային շրջանակներէն ներս շատ ծանօթ եւ համատարած յարգանքի ու համակրանքի արժանացած դէմքեր են, որոնք Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն հասած ըլլալու հասարակաց յայտարարին վրայ երէկ իրենց յուշերը բաժնեցին նոր սերունդին հետ։ Դպրոցի սրահի երդիքին տակ, մտերմիկ ոճով Հայկ Ասլանեան եւ Եսթեր Վարժապետեան բացատրեցին իրենց մարդկային ապրումները, որոնք բանաւոր պատմութեան նշանակութիւն ստացան ստեղծուած մթնոլորտին մէջ։ Անոնց վկայութիւնները, յիշողութիւնները սերունդները կամրջելու տեսակէտէ իսկապէս կարեւոր նշանակութիւն ունեցան։ Զրոյցի ընթացքին այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, որ հերթական անգամ բոլորի աչքին առջեւ բիւրեղացաւ, թէ դպրոցի անցեալը լոյս կը սփռէ ապագայի ճանապարհին։

Հաւաքոյթին ներկայ էին Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Անի Մալաթեալը, դպրոցէն բազմաթիւ կրթական մշակներ եւ աշակերտներ, որոնք բոլորն ալ եզրափակիչ փուլին ջերմօրէն շրջապատեցին օրուան երկու ատենախօսները՝ Եսթեր Վարժապետեանն ու Հայկ Ասլանեանը՝ մաղթելով, որ անոնց փորձառութիւնը միշտ շօշափելի ներկայութիւն մնայ Օրթագիւղի ընտանիքին տեսակէտէ։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2026