ՄԱՀ՝ ՍՕՆԱ ԼԱԶՕՂԼՈՒԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն Սօնա Լազօղլու: Թէեւ բաւական յառաջացած տարիքի մէջ ան աւանդած է իր հոգին, սակայն, իր կորուստը խոր ցաւ պատճառած է թէ՛ իր սիրելիներուն եւ թէ ընդհանրապէս համայնքային շրջանակներուն: Հարկ է նշել, որ Սօնա Լազօղլու մայրն էր յայտնի բժիշկ Արէտ Լազօղլուին, որ համայնքային կեանքի ապրումներու հետեւողականօրէն մասնակից դէմք մըն է եւ բոլորին անսակարկ ի սպաս կը դնէ իր մասնագիտական խնամքը:
Նորոգ հանգուցեալ Սօնա Լազօղլու եղած էր հայկական նահապետական ընտանիքի տոհմիկ մայր մը, որ իր ամբողջ կեանքը ներդրած էր զաւակներուն եւ թոռներուն: Ան հովանի դարձուցած էր իր անսահման սէրը համայն ընտանիքի անդամներուն նկատմամբ, որոնք մեր համայնքէն ներս բարի համբաւ ու վարկ կը վայելեն:
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Սօնա Լազօղլուի հոգւոյն եւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք տքթ. Արէտ Լազօղլուին, Մերի Լազօղլուին եւ թոռներուն: