ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԿՐԿՆԱԿ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԵՐԵԿՈՅԹ

Երէկ, Եշիլգիւղի ընտանիքը գեղարուեստական երեկոյթով մը արժեւորեց՝ թաղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 200-ամեակի եւ վարժարանի հիմնադրութեան 70-ամեակի կրկնակ յոբելեանները։ Այս առթիւ տօնական մթնոլորտ ստեղծուած էր եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, ուր համախմբուած էին Եշիլգիւղի ընտանիքի վարիչները, համայնքային շրջանակներէն դէմքեր եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ արք. Աթէշեան եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։

Եշիլգիւղի ընտանիքի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ եկեղեցւոյ շրջափակին զետեղուած է խաչքար մը, որու բացումը հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ կատարուեցաւ՝ ձեռամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Ապա, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական հանդիսութիւնը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Արմաւենի Չաքարօղլուի։ Վարժարանի սաներէն Մելանի Տեմիրճի, Սեւան Ներկիզ եւ Գայլ Էսէօղլու հանդէս եկան արտասանութիւններով։ Աւելի վերջ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան՝ տուտուկահար Գագիկ Գասպարեան, մեներգչուհի Լեռնա Պալօղլու-Աքպուլութ եւ երգեհոնահար Էտվին սրկ. Կալիպօղլու։ Այս վերջիններուն կատարումները խոր տպաւորութիւն գործեցին բոլոր ներկաներուն վրայ՝ մանաւանդ, որ անոնք յաջողեցան բոլորի ուշադրութիւնը մագնիսացնել։

Երեկոյթը աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան հուսկ բանքով։ Այս առթիւ ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ յոբելենական այս հանդիսութիւնը պսակուած էր բացառիկ յաջողութեամբ։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը այս առթիւ նշեց, որ արմատներու հետ աշխատանքը կրնայ առաջին հայեացքով թուիլ միայն անցեալի հետ զբաղիլ, սակայն, իրականութեան մէջ այդպէս չէ, ընդհակառակն՝ սա կը նշանակէ աշխատիլ ապագայի վրայ։ «Այսօր ալ եղաւ այսպէս։ Եշիլգիւղի մեծ ընտանիքը նշեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 200-ամեակն ու թաղի վարժարանի 70-ամեակը։ Պատմութեան նայելով կը մտածենք ապագայի մասին։ Պատմութեան նեյելով դասեր պէտք է քաղենք», ըսաւ ան։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան քհնյ. Արապեանը, ատենապետ Արա Էրոլ Չընարի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը եւ տնօրէնուհի Տիլարա Շապճեանի կողմէ գլխաւորուած վարժարանի ուսուցչական կազմը։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը դրուատիքով արտայայտուեցաւ նաեւ երեկոյթի մասնակից արուեստագէտներու մասին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առանձնապէս արժեւորեց նաեւ սոյն կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կանգնեցուած խաչքարը։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին վարժարանի սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2026