ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ
Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արեւագալի արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ բարերարուհի Շաքէ Աշճեանի, որու մահուան առաջին տարելիցն էր։ Այսինքն, արարողութիւնը մէկտեղեց թէ՛ Արեւագալը եւ թէ հանգուցեալ բարերարուհիին նկատմամբ երախտագիտութիւնը։
Ներկայ էին Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Ոսկի քհնյ. Սարգիսեան։ Երգեցողութիւնները գլխաւորեց՝ Էտվին սրկ. Կալիպօղլու։ Արեւագալէն վերջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ լուսահոգի Շաքէ Աշճեանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։ Այս փուլին ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ խումբ մը սաներ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք» սրահի երդիքին տակ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի գլխաւորած Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց՝ սեղանններու շուրջ համախմբուած ներկաները։ Անկեղծ զրոյց տեղի ունեցաւ բոլորի միջեւ՝ մինչ ներկաները երախտագիտութեամբ ոգեկոչեցին Շաքէ Աշճեանը, որ իր զօրակցութեան առարկայ դարձուցած էր մեր բազմաթիւ հաստատութիւնները։
Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ հայր սուրբի օրհնութեամբ։