«ԱՊԱԳԱՅ» ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳԸ
Շաբաթավերջին, Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ» նորակազմ մանկապատանեկան երգչախումբի անդրանիկ համերգը, ինչ որ համայնքային շրջանակներէ ներս արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան: Հարկ է նշել, որ «Ապագայ»ն կազմուած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի եւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի աշակերտներէն: Այս երկու վարժարաններու երաժշտութեան ուսուցիչ Հրանդ Չիզմէճեան կազմած է իր սաներէն բաղկացեալ խումբ մը, որու աշխատանքը հասած է այն մակարդակին, որ ձեւաւորուած է երգչախումբ մը եւ այս վերջնոյն անդրանիկ համերգը ուրախառիթ եւ ոգեւոր իրադարձութեան մը վերածուեցաւ համայնքային կեանքէն ներս: Գատըգիւղի կրթական կեդրոնի երդիքին տակ կազմակերպուած ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան:
Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ «Ապագայ»ի տղաքը իսկապէս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեցին՝ արժանանալով ծափահարութիւններու: Յայտագրի գործադրութեան ողջ տեւողութեան դահլիճին մէջ կը տիրէր բարձր տրամադրութիւն եւ բոլորը կը ջանային արտայայտել իրենց խրախուսանքը՝ տղոց նկատմամբ:
Ներկաներու շարքին էին Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան, Տ. Զօհրապ աւ. քահանայ Ճիվանեան եւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու: Բաց աստի, «Հրանտ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձու Արթօ եւ Դալար Հորոզղլու ամոլը, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէք եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ «Հրանդ Տինք» դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան մասնակցութիւն բերին համերգին:
Եզրափակիչ փուլին, Հրանդ Չիզմէճեանին եւ սաներուն համար հնչած ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ Ամեն. Ս. Պատրաիարք Հայրը արտասանեց հուսկ բանքը, որու ընթացքին բարձր գնահատեց Հրանդ Չիզմէճեանի կողմէ տարուած աշխատանքը՝ յաջողութիւններ եւ յարատեւութիւն մաղթելով նորաստեղծ մանկապատանեկան այս երգչախումբին:
