ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ
Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Պաղի եւ ընկերներու գործի գլուխ գալուն զուգահեռ՝ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական մրցում մը։ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու մարզական աւանդութիւններուն մէջ լուրջ դեր ունեցած երկու ակումբներու՝ Թաքսիմի եւ Պէյօղլուսփորի վեթերանները հանդէս եկան բարեկամական մրցումով մը։ Թաքսիմ մարզակումբի Ֆէրիգիւղի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ բարեկամական խաղը, որ աւարտին հասաւ 3-3 հաւասարութեամբ։ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու եւ Հանրապետութեան նախագահի մշակոյթի եւ գեղարուեստի քաղաքականութիւններու խորհուրդի անդամներէն Արամ Քուրան եւս հետեւեցան այս մրցումին, որու ընթացքին մարզադաշտին վրայ վերակենդանացան աւանդութիւնները եւ յիշողութիւն թարմացուեցաւ անցեալի զանազան դրուագներու շուրջ։ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլն ալ մրցումի այցելուներու շարքին էր՝ ընկերակցութեամբ իր ժամանակաշրջանի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարընի։
Մարզասէր շրջանակներուն տեսակէտէ իսկապէս յատկանշական իրադարձութեան մը վերածուեցաւ այս մրցումը, որու առթիւ երկու մարզակումբերու վարչայիններուն միջեւ փոխանակուեցան յուշանուէրներ։