ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՈՍԿԻ ԱՇՆԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Երէկ, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ՝ աշակերտներու ուղղեալ ոսկի աշնան հաւաքոյթ մը։ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի աշակերտները մասնակցեցան այս խորհրդանշական հաւաքոյթին։ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն աւ. քհնյ. Ֆէնէրճեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ոսկի աշնան հաւաքոյթը, որու ներկաներու շարքին էին «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուներէն Արթօ Հորոզօղլու, Գումգաբուի Դրսի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլու, ինչպէս նաեւ երկու կրթօճախներու կրթական մշակները։ Ոգեւոր մթնոլորտի, բարձր տրամադրութեան պայմաններով ընթացաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին տէր հայրը ողջունեց բոլոր ներկաները։ Յայտագրի տեւողութեան աշակերտներ հանդէս եկան երգերով եւ արտասանութիւններով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին բոլորը եկեղեցւոյ սրահին մէջ հիւրընկալուեցան թաղային խորհուրդին կողմէ։ Բոլորին մաղթանքն էր, որ նման հաւաքոյթները դառնան աւելի յաճախակի՝ մանաւանդ, որ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական շրջանը կը գտնուի մեր առջեւը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2026