ՀԱՅԵՐԷՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆ
Երէկ, Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային թատերական փառատօն մը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Հայերէն թատրոնի այս փառատօնը արդէն չորրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու յայտագիրը կը նախատեսէր պոլսահայ զանազան վարժարաններու թատերախումբերու ելոյթները։
Փառատօնի ներկաներու շարքին էին Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան, Թոփգաբուի ընտանիքէն վարիչներ, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի երկարամեայ բարերարուհի Մոնիք Երկանեան, համայնքէն դերասաններ եւ կրթական մշակներ, որոնք կը վերահսկէին դպրոցներու թատերախումբերը։
Ծրագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սիլվա Պալճըի, որ այս փառատօնի կազմակերպչական աշխատանքներն ալ համակարգած էր։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Դպրոցական խումբերը ներկայացուցին ընդհանրապէս հայ դասական հեղինակներու գործերու հիմքով թատերակներ, որոնք իսկապէս ծափահարութեան արժանի էին։
Բոլոր խաղերու ներկայացման աւարտին, եզրափակիչ փուլին, շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան։ Մրցանակաբաշխման փուլին բոլորը զիրար շնորհաւորեցին ջերմօրէն՝ ժամադրուելով յաջորդ տարուան համար։
Փառատօնի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։
