ԳԻՐ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
ԱԶՆՈՒԱՇՈՒՔ
ՏԻԿԻՆ ՆԱՏԻԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ
ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻ
ՊՈԼԻՍ
Տիկին Նատիա Գօչունեան,
Մեծ ուրախութեամբ եւ անկեղծ գնահատանքով կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ Ձեր ծննդեան 75-ամեակին եւ բազմավաստակ գործունէութեան 45-ամեակին առթիւ։ Կը մաղթեմ քաջառողջ եւ երկար տարիներ, հոգեկան խաղաղութիւն, նորանոր յաջողութիւններ եւ ստեղծագործ աւիշ՝ Ձեր նուիրական ծառայութեան ճանապարհին։
Ցաւ ի սիրտ կը նշեմ, որ այս գեղեցիկ առիթով անձամբ չեմ կրնար ներկայ գտնուիլ Ձեզի հետ։ Այս օրերուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին մէջ կը գտնուիմ՝ մասնակցելու համար զանազան եկեղեցական եւ համայնքային հանդիսութեանց։ Այս պատճառով է, որ ֆիզիքապէս հեռու կը գտնուիմ, սակայն, սրտով եւ հոգւով Ձեզ հետ եմ եւ կը փափաքիմ այս առիթով փոխանցել իմ անկեղծ շնորհաւորութիւններս, սրտագին բարեմաղթութիւններս եւ օրհնութիւններս։
Տիկին Գօչունեան,
Ձեր անունը երկար տարիներէ ի վեր անբաժանօրէն կապուած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմութեան։ Քառասունհինգ տարիներու Ձեր նուիրեալ եւ պատասխանատու գործունէութիւնը ո՛չ միայն լրագրական ասպարէզին մէջ կատարուած աշխատանքի մը վկայութիւնն է, այլեւ՝ հայ գիրի, գրականութեան, լեզուի եւ ազգային մեր արժէքներուն նկատմամբ խոր հաւատարմութեան մը արտայայտութիւնը։ Ձեր գործունէութիւնը եղած է այնպիսի ծառայութիւն մը, որուն արժէքը չի սահմանափակուիր միայն մամուլի աշխարհով, այլ կը տարածուի հայ կեանքի տարբեր ոլորտներուն վրայ։
Առանձնայատուկ ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կ՚ուզեմ շեշտել նաեւ այն բարձր գնահատանքն ու յարգանքը, որ տարիներու ընթացքին Ձեր անձին եւ Ձեր վաստակին նկատմամբ ցուցաբերուած է Հայ Եկեղեցւոյ Նուիրապետութեան բարձր աստիճաններու արժանացած զանազան հոգեւորականներուն կողմէ։ Այս գնահատանքը, անշուշտ, կը վկայէ ո՛չ միայն Ձեր երկարամեայ ծառայութեան արժանիքը, այլեւ այն վստահութիւնն ու փոխադարձ սէրը, որ գոյացած է Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ Ձեր միջեւ։
Մեզի համար եւս առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի այն ընտանեկան բարեկամութիւնը, որ տարիներու ընթացքին առիթ ունեցած ենք վայելելու։ Այդ բարեկամութիւնը միայն հասարակական կամ պաշտօնական յարաբերութիւն մը չէ եղած, այլ՝ փոխադարձ յարգանքի, սիրոյ եւ անկեղծ մտերմութեան վրայ հաստատուած կապ մը։ Ձեր ընտանիքին նկատմամբ մեր ջերմ զգացումները եւ Ձեր անձին նկատմամբ տածած յարգանքը ժամանակի ընթացքին աւելի եւս խորացած են։
Այսօր, երբ կը նշէք Ձեր տարեդարձները, բնական է երախտագիտութեամբ անդրադառնալ անցած ճանապարհին։ Այդ ճանապարհը լի է նուիրումով եւ աշխատասիրութեամբ։ Թող Բարձրեալն Աստուած Իր օրհնութեան ներքեւ պահէ Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքը, պարգեւէ քաջառողջութիւն, ուժ եւ հոգեկան անդորրութիւն, որպէսզի տակաւին երկար տարիներ շարունակէք Ձեր վաստակաշատ առաքելութիւնը՝ ի փառս հայ գիրի ու գրականութեան։
Խնդակցութեամբ, բարեմաղթութեամբ ու օրհնութեամբ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆ