ԳԱՏԸԳԻՒՂՑԻ ՄԵՐ ՆԱՏԻԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԸ
Մեզի սիրելի եւ յարգելի տիկին Նատիա Գօչունեանի ծննդեան 75-ամեակի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեաններու առթիւ անձնապէս կը փափաքինք մեր սրտի խօսքը բերել՝ որպէս նախկին աւագերէցը Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ, նաեւ որպէս Գատըգիւղի թաղեցի։
Գատըգիւղի Յուշամատեանի պատրաստութեան ընթացքին ուշադրութիւնս գրաւած էր Հայ տիկնանց եւ օրիորդաց մասնակցութիւնը՝ թաղին մէջ իրագործուած շարժումներուն։ Հայ իգական սեռի ազնիւ անդամները ձեռնարկած էին Տիկնանց եւ Օրիորդաց, Տիկնանց, Մեղուաց Պար, Կրթասէր Տիկնանց, Կրթասէր Օրիորդաց, Որբասէր Մանկանց եւ Տաւրոս Տիկնանց միութիւններու կազմութեան, որոնք իրենց առաքելութեան յաջողութիւնները թողած էին՝ որպէս յիշատակ։
Առանց խտրութիւն դնելու Գատըգիւղէն եկած ու անցած, կանացի գուրգուրանքով ծառայած նուիրեալ անձերու միջեւ՝ իբրեւ օրինակ կը յիշենք Էլպիս Կեսարացեանը՝ անդրանիկը թրքահայ գրագիտուհիներու, Զարուհի Սէֆէրեան-Գալէմքեարեանը՝ գրական ծածկանունով «Եւտէրպէ»ն, Եւփիմէ Աւետիսեանը՝ գրական ծածկանունով «Անայիս»ը, Նեվրիկ Սեպուհեանը, իր դուստրը Լիլի (Աստղիկ-Արշալոյս) Գօչունեանը, Ատրինէ Տատրեանը, Աստղիկ Քէհեաեանը, Իրմա Աճէմեանը, Արմենուհի Էօզէրը։ Այս ազնիւ հոգիները, իրենց ընտանեկան պատասխանատուութեանց առընթեռ, հետամուտ եղած էին նաեւ հաղորդ դառնալու մեր ժողովուրդի սրբութիւններուն, նուիրական աւանդներուն եւ ապրեցնելու հայ գիրն ու գրականութիւնը, հայ մշակոյթը, հայ կրթական համակարգը եւ հայ մամուլը։
Ծանօթ է բոլորիս, որ Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, 1794-ին, Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի լոյս ընծայած «Ազդարար»էն սկսեալ՝ մինչեւ մեր օրերը, հայ մամուլը գոյատեւած է ի գին մեծ զոհողութիւններու։ Հայ մամուլի սպասաւորները քաջ ծանօթ են թերթ մը հրատարակելու դժուարութիւններուն։
Այս փաղանքի օղակներէն է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, որ հայ մշակոյթի պատմութեան համար ընդհանրապէս, հայ մամուլի պատմութեան համար մասնաւորապէս եզակի երեւոյթ է՝ 1908-էն սկսեալ անխափան հրատարակութեամբ, ցայսօր։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակուած օրը, 15/28 հոկտեմբեր 1908-ին ծնած երեխայ մը, այսօր եթէ ապրէր, ապա պիտի ըլլար 118 տարեկան, գուցէ ֆիզիքական եւ մտային տկարութեամբ ալեհեր ծերունի մը, որ պիտի դժուարանար կամ պիտի չկարենար իր ապրումները փոխանցել։ Սակայն, 100-ամեակի հանգրուանը իր ետին թողած ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, նման մեր բոլոր մամուլի օրկաններուն կը շարունակէ մեզի հետ խօսիլ, մեզի պատմել մեր ժողովուրդին եւ համայնքին ծոցին մէջ իրականացած հրաշքի համազօր երեւոյթները, մեզի տանիլ իր հրատարակուած տարիներուն եւ վերջապէս մեզ ընդելուզել այդ օրերու ապրումներուն հետ՝ մնալով միշտ առոյգ եւ մշտադալար։
Եւ միթէ կարելի՞ է մոռնալ հարիւրտասնեւութնամեայ թերթը մեր օրերուն հասցնող նուիրեալները։ Թերթին հիմնադիրները՝ Միսաք Գօչունեան, գրական ծածկանունով Քասիմ եւ իր եղբայրը Սարգիս Գօչունեան ունեցան իրենց ջահակիրները։ Նուիրեալ անձեր՝ անդրադարձած ըլլալով մեր կեանքէն ներս մամուլի ընդգրկած կարեւորութեան, առ ոչինչ համարեցին ամէն նեղութիւն եւ դժուարութիւն, Սուրբ Աւետարանի բառերով «իրենց ձեռքը մաճի վրայ դնելէ յետոյ, ետեւ չնայեցան» (Ղուկաս 9.62)։
Այսօր պատիւն ունինք ողջունելու Գատըգիւղի մեծ ընտանիքին արժանաւոր մէկ զաւկին, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հրատարակութեան տնօրէնուհի տիկին Նատիա Գոչունեանի ծննդեան 75-ամեակի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեանները։
Մենք ուրախակից էինք տիկին Նատիա Գօչունեանին, երբ իր լամբակը կը զարդարուէր «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանով՝ շնորհուած Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով, որ բոլորիս համար եղած էր արդար հպարտութեան առիթ։
Տիկին Նատիա Գօչունեան Գատըգիւղին կապուած է Ս. Թագաւոր եկեղեցիով, Անարատ Յղութիւն եւ Արամեան-Ունճեան վարժարաններու վկայագիրներով, Արամեան սանուց միութեամբ, երկիցս կոչուած Գատըգիւղի պատգամաւորութեան հանգամանքով եւ մանաւանդ՝ իր ընտանիքին սիրեցեալ անդամներու միջոցաւ։
Տիկին Նատիա Գօչունեանի համար իր ապրած շրջանի Գատըգիւղը ունէր ներշնչող զօրութիւն։ Այդ ճշմարտութեան հաղորդ կը դառնանք, երբ կը զրուցենք իր հետ։ Իր ապրած շրջանի Գատըգիւղի մթնոլորտը շնչողներ եւս իրենց կարգին կը հաստատեն, թէ որքան իրաւացի է մեծարեալը։ Գուցէ իր ծնողական շրջանակին եւ իր սնած կրթական յարկերուն առընթեր, այդ օրերու մթնոլորտը եւս զինքը առաջնորդեց դէպի այն արժէքները, որոնցմով գոյատեւած ենք դարեր շարունակ։ Զինքը ներգրաւած զօրութիւնը, նաեւ ուղղեց անոր քայլերը ծառայելու նոյն սրբազան նպատակին։ Եւ այսօր տիկին Նատիա Գօչունեան ջահ ի ձեռին կը քալէ ծառայութեան ճանապարհէն՝ նոյն հաւատքով, յոյսով եւ սիրով լցուած։ Տիկին Նատիա Գօչունեան այս ճանապարհին մէջ ծառայելով ցոյց կու տայ, թէ կը մնայ հոգիով ու սրտով երիտասարդ, անտեսելով իր ետին թողած եօթանասունեւհինգ տարիները։
Այսօր՝ որպէս իր հրազատները, հանդէս կու գանք բարեմաղթութիւններով։ Ի բոլոր սրտէ տիկին Նատիա Գօչունեանին կը մաղթենք քաջառողջ կեանք, կար եւ կարողութիւն, որպէսզի շարունակէ մնալ այն պատնէշին վրայ, ուր իր նախորդ ջահակիրները մնացին աներեր ու գոյատեւելու հաստատակամութեամբ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ