ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂ. ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները: Թաղի Տատեան վարժարանի տարեկան աւանդական հանգանակութեան ընդառաջ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները փափաքած էին լուսաբանել հանրային կարծիքը: Թաղականները մանրամասն բացատրութիւններ տուին Տատեան վարժարանի ընդհանուր կացութեան եւ կարիքներուն շուրջ: Միեւնոյն ժամանակ, անոնք անդրադարձան թաղային խորհուրդի գործունէութեան վերաբերեալ վերջին նորութիւններուն: Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը դիտել տուին, որ Պաքըրգիւղը Պոլսոյ ամենահայահոծ թաղերէն մին է եւ այնտեղ կուտակուած մարդուժը ճակատագրական նշանակութիւն ունի՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առողջ յարատեւման տեսակէտէ: Ուստի, Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ հերթական անգամ համայնքային շրջանակներուն կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի Տատեան վարժարանը զօրակցութեան առարկայ դառնայ եւ կարողանայ իր առաքելութիւնը կայուն հունի մէջ պահել:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2026