ԱՆՇՐՋԱՆՑԵԼԻ…
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ մեր համայնքէն իգական սեռի յայտնի գործիչներէն Ովսաննա Գալէնտէրն ու Շնորհիկ Ալթունը։ Այս երկու դէմքերը ունին հասարակաց յայտարար մը՝ քանի երկուքն ալ վկայուած են Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն (ՄՀԿ), որ այժմ արդէն փակուած է։ Ովսաննա Գալէնտէր՝ որպէս արուեստագիտուհի, իսկ Շնորհիկ Ալթուն՝ որպէս կամաւոր գործիչ երկար տարիներէ ի վեր իրենց ներդրումը կը բերեն թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին եւ անոնց յանձնառութիւններուն մէջ միշտ նկատելի է ՄՀԿ-ի կողմէ ջամբուած կրթութեան ազդեցութիւնը:
Հիւրերը եկած էին մեզի լուսաբանելու համար իսկապէս շատ տեղին նախաձեռնութեան մը կապակցութեամբ։ Արդարեւ, այս տարի ՄՀԿ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակն է։ Սա թէեւ յուզումնախառն դարադարձ մըն է, քանի ՄՀԿ-ը այլեւս գոյութիւն չունի, սակայն, վերջին հաշուով անշրջանցելի հանգրուան մըն է։ Արդարեւ, ՄՀԿ-ը տասնամեակներ շարունակ հայ իրականութենէն ներս այնպիսի ճակատագրական գործունէութիւն մը ծաւալած է, որ այնտեղ պատրաստուած սերունդները պայմանաւորած են ամբողջ հայաշխարհի կենսունակութիւնը։
ՄՀԿ-ի պատմութիւնն ու ճակատագիրը ինքնին վկայութիւն մըն է՝ հայ դպրոցի սփււռքէ ներս այժմ դիմագրաւած ահազանգային վիճակին տեսակէտէ։ Սա իսկոյն յատկանշական կը դարձնէ նաեւ ՄՀԿ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Արդարեւ, այս յոբելեանը իրականութեան մէջ այժմ փակուած վարժարանի մը կը վերաբերի, սակայն, կը պատգամէ հայ դպրոցի առաքելութեան անհրաժեշտութեան եւ այժմ անոր նոր շունչ ու թափ հաղորդելու հրամայականին վերաբերեալ:
Ովսաննա Գալէնտէր եւ Շնորհիկ Ալթուն երեկուան հաճելի զրոյցի ընթացքին մեզի տեղեկացուցին, որ ՄՀԿ-ի Պոլսոյ շրջանաւարտները համախմբուած են իրենց երբեմնի այնքան սիրեցեալ դպրոցի դարադարձին առիթով: Այս համախմբումը ունի իր խորհուրդը եւ այդ համախմբումէն ծնած է շատ ողջունելի գաղափար մը: Արդարեւ, որքան որ այսօր գործնականօրէն ՄՀԿ-ն գոյութիւն չունենայ՝ սաները որոշած են Պոլսոյ մէջ կազմակերպել յոբելենական հանդիսութիւն: Սա տօնակատարութենէ մը աւելի՝ ահազանգի բարձրացման միջոց մըն է ո՛չ միայն փակուած դպրոցի նախախնամական դերը վերյիշելու, այլեւ ընդհանրապէս հայ դպրոցին համար նոր պայքարի մը ձեռնարկելու անհրաժեշտութեան տեսակէտէ։
Գալէնտէր եւ Ալթուն տեղեկացուցին, որ այս շաբաթավերջին ՄՀԿ-ի բարեյիշատակ հիմնադիրներուն համար տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Բաց աստի, Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը համերգով մը հանդէս պիտի գայ՝ ի նշանաւորումն ՄՀԿ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին։ Նկատի ունենալով, որ երգչախումբի խմբավարը՝ Յակոբ Մամիկոնեանն ալ ՄՀԿ-ի շրջանաւարտներէն մին է՝ Լուսաւորիչ երգչախումբին այս համերգը խորհրդանշական իմաստ մը կը ստանայ։
ՄՀԿ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի քաղաքիս մէջ նշուիլը կը ցոլացնէ նաեւ այլ երեսակ մը։ Արդարեւ, Պոլիսը այժմ սփիւռքի այն հազուագիւտ քաղաքներէն է, ուր նոյնաժամանակ շուրջ 15 հայկական ամէնօրեայ դպրոցներ կը գործեն։ Այս հանգամանքը իսկոյն ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ Պոլիսն ու թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը, ուր շուրջ 2500 աշակերտներ կը պահուին հայ դպրոցի երդիքին տակ։ Յամենայնդէպս, Պոլսահայ վարժարաններուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ ալ խորհուրդ մը կը ներկայացնէ՝ ՄՀԿ-ի դարադարձին քաղաքիս մէջ նշուիլը։