ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՃԱՏՐԱԿԻ 13-ՐԴ ՄՐՑՈՅԹԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Շաբաթավերջին պոլսահայ սանուց միութիւններու միջմիութենական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ճատրակի մրցոյթը արժանացաւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Միջմիութենական ճատրակի մրցոյթը այս տարի արդէն 13-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ։ Հինգ փուլերով տեղի ունեցաւ մրցաշարքը, որու կազմակերպչական աշխատանքները առաջնորդեցին՝ միջմիութենական յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան եւ ճատրակի ուսուցիչ Սարվէն Չաքմաք։ Երկօրեայ մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Արդիւնքին առաջին երեք հորիզոնականները զբաղեցուցին՝ Կեդրոնական, Մխիթարեան եւ Եշիլգիւղի սանուց միութիւններու խումբերը։
Զուգահեռաբար տեղի ունեցաւ նաեւ արագ ճատրակի մրցաշարք մը, որու դափնեկիրները եղան՝ Արի Քիրեմիտճեան, Ռաֆայէլ Տեմիրճի եւ Պերճ Տէրունի։ Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան՝ Կեդրոնական, Մխիթարեան, Եշիլգիւղի, Արամեան, Պէզճեան, Էսաեան, Սահակեան, Ֆէրիգիւղի, Թարգմանչաց, Տատեան, Գարակէօզեան սանուց միութիւնները, ինչպէս նաեւ Շիշլի մարզակումբի (մինչեւ 18 տարեկաններ) ներկայացուցիչները։