ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Կեդրոնական սանուց միութեան նորընտիր վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տայք Տանձիկեանի։ Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին գումարուած էր միութեան ընդհանուր ժողովը, որու արդիւնքով պաշտօնի կոչուած էր այժմու վարչութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդիպման ընթացքին կարեւորեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս սանուց միութիւններու կողմէ ծաւալուած գործունէութեան նշանակութիւնը։ Հիւրերուն հետ տեղի ունեցաւ պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքի օրակարգային նիւթերուն շուրջ կարծիքի փոխանակում։
Նորընտիր վարչայինները բացատրութիւններ տուին Կեդրոնական սանուց միութեան գործունէութեան ընթացիկ գիծերուն շուրջ եւ անդրադարձան համագումարէն ի վեր իրենց կողմէ մշակուած ծրագիրներուն։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը փոխանցեց իր օրհնութիւնները՝ յաջողութիւն մաղթելով նորընտիր վարչութեան։