ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ 2025-2026 ՇՐՋԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ ԲԱՐՁՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ
Երէկ, Կեդրոնականի մեծ ընտանիքը շրջանաւարտութեան փայլուն հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ՝ վարժարանի 2025-2026 կրթական շրջանի հունձքին։ Կեդրոնական վարժարանը այս տարի 34 շրջանաւարտ ունի։ Երէկուան հանդէսը ստեղծեց բարձր տրամադրութիւն՝ մանաւանդ, որ կրթական ոլորտի յաջողութիւններուն առընթեր, Կեդրոնականի սաները միշտ կը փայլին նաեւ ընկերամշակութային գետնի վրայ ձեռքբերումներով։
Հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան, Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, Կեդրոնական սանուց միութեան վարչայինները եւ Կեդրոնականի ընտանիքի այլ կառոյցներու պատասխանատուները բոլորով փութացած էին բաժնելու՝ շրջանաւարտներու եւ իրենց ընտանիքներու արդար ուրախութիւնը։ Գումգաբուի Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու յայտագրի սկիզբէն առաջ բոլորը համախմբուեցան Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ, ուր ստացան Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։ Ապա յարգանքի այցելութիւն մը տրուեցաւ Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրին՝ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Տ. Ներսէս արք. Վարժապետեանի շիրմին, որ կը գտնուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ։
Այս փուլերէն վերջ, սկսաւ բուն յայտագիրը, որու բացման շրջանաւարտները մի առ մի, ծափահարութիւններու ներքեւ սրահ մուտք գործեցին։ Յայտագրի տեւողութեան տղաքը զանազան լեզուներով արտասանեցին հրաժեշտի խօսքեր եւ հանդէս եկան երաժշտական կատարումներով։ Բոլորը ծափահարութիւններու ներքեւ ստացան իրենց վկայականները, իսկ յաջողագոյններուն համար պատրաստուած էին նաեւ այլ յուշանուէրներ։ Հիւրերէն ոմանք վկայականներ յանձնելու ժամանակ ելոյթներով ողջունեցին շրջանաւարտներն ու Կեդրոնականի ընտանիքը։ Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւս սրտի խօսքերով ողջունեցին շրջանաւարտները։ Աշակերտներուն եւ իրենց ընտանիքներուն առընթեր, վարժարանի ուսուցչաց կազմին տեսակէտէ ալ հանդիսութիւնը ունէր բացառիկ նշանակութիւն՝ քանի կրթական մշակները շրջանաւարտներուն վրայ մեծ վաստակ ներդրած էին։ Յուզումնախառն զգացումներու տարափ մը կը տիրապետէր սրահի մթնոլորտին, ուր զգալի էր երիտասարդներու նկատմամբ վստահութիւնը եւ համայնքի ապագային նկատմամբ յոյսը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հուսկ բանքին մէջ շրջանաւարտներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու ապագայի համար յաջողութեան մաղթանքներ։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին, յարակից «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին շրջանաւարտութեան հանդէսի բոլոր մասնակիցները գիրկընդխառնուեցան եւ միասնաբար շրջապատեցին տղաքը՝ միշտ մաղթելով ապագայի կանաչ ճանապարհ։
