ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջին օրերուն հիւրընկալեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեանը, որ Հայաստան մեկնած էր գիտաժողովի մը մասնակցելու համար եւ իջեւանած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ ողջունեց տէր հայրը՝ դրուատելով անոր գործունէութիւնը: Իր կարգին, Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան Նորին Սրբութեան փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի ողջոյնները: Զրոյցի տեւողութեան տէր հայրը Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ Երեւանի մէջ իր մասնակցած Հայագիտութեան միջազգային քոնկրէսին շուրջ: Հուսկ, Նորին Սրբութիւնն ալ փոխանցեց իր ողջոյնները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ օրհնութիւնները՝ պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն, եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, վարչայիններուն եւ ամբողջ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մասնակցեցաւ նաեւ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի: