ԷԼԱԶԸՂԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՏԱՐԱԾՔԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ
Գումգաբուի աղբիւրները երէկ արձագանգ հանդիսացան կարեւոր իրադարձութեան մը, որ առանձնապէս ուշագրաւ կը համարուի՝ գաւառի երբեմնի ներկայութեան մնացորդացի խորհրդանշական պահպանման տեսակէտէ։ Այսպէս, Էլազըղի հայոց գերեզմանատան տարածքը իշխանութիւններու կողմէ պաշտօնապէս արձանագրուած է։ Վարչական այս կարգադրութեան շնորհիւ գերեզմանատան տարածքը արդէն իրաւական պաշտպանութեան տակ առնուած կը համարուի։ Անտէրութեան կացութենէ փրկուած Էլազըղի գերեզմանատունը ինքնին կը նկատուի այդ քաղաքէն եւ շրջակայքէն ներս հայոց երբեմնի ներկայութեան վառ վկայութիւն։
Այս կարեւոր ձեռքբերումը ապահովուած է՝ շնորհիւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս քհնյ. Թապաշեանի եւ Արման Եաղճըի կողմէ տարուած հետեւողական աշխատանքին։ Պատկան իշխանութիւններուն հետ յառաջ տարուած երկարատեւ շփումներէն վերջ, կարելի եղած է այս գործընթացը ի կատար ածել եւ ապահովել գերեզմանատան տարածքի պաշտօնական արձանագրումը՝ ըստ կալուածաթղթային բոլոր անհրաժեշտութիւններուն։
Այս կարեւոր իրադարձութեան կապակցութեամբ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանն ալ փոխանցեց իր հայրական գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնները։ Այսպէս, երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արման Եաղճըի հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց եւ փոխանցեց իր ողջոյններն ու օրհնութիւնները՝ ընդգծելով, որ Էլազըղի հայ համայնքի պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման տեսակէտէ անփոխարինելի նշանակութիւն ունի այս վերջին իրադարձութիւնը։
Պատրիարքական Աթոռի այս իրադարձութեան վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ շնորհակալութիւն յայտնուած է՝ Էլազըղի կուսակալութեան, քաղաքապետութեան եւ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէնութեան։