ԹՈՓԳԱԲՈԻԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՒԱՔԸ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտները շաբաթավերջին համախմբուեցան՝ իրենց տարեկան հաւաքին առթիւ։ 206 տարիէի ի վեր դռները բաց կը պահէ այս կրթօճախը, որու շրջանաւարտից հաւաքը առիթ դարձաւ բացառիկ խանդավառութեան։ Մասնակիցներու շարքին էին Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ տքթ. Եգուարդ Հարբութ, տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ այլ պատասխանատուներ։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու համախմբումով ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ։ Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան խորապէս տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ՝ արժանանալով ներկաներու ծափահարութիւններուն։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Վանլեան եւ գործակից ընկերներն ալ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Յոբելեար շրջանաւարտները առանձնայատուկ ջերմութեան առարկայ դարձան, մինչ հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էին նաեւ դպրոցի նախկին կրթական մշակները։ Շրջանաւարտներն ու վաստակաւոր կրթական մշակները արդէն այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծեցին, որ տասնամեակներու հեռաւորութենէն բոլորի զգացումները եւ յիշողութիւնները թարմացան։